Եբրայեցիս

13

Եղբայրական սէր եւ սուրբ կեանք

1Եղբայրսիրութիւնը թող մնայուն սկզբունք ըլլայ ձեզի համար։ 2Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հիւրասիրեցին։ 3Յիշեցէ՛ք բանտի մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց բանտակից զգալով։ Նոյնպէս յիշեցէք չարչարանքներու մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց տեղ դնելով։ 4Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները։ 5Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ Աստուած ինք կ՚ըսէ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։ 6Այնպէս որ, համարձակօրէն ըսենք. — «Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի»։ 7Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն։ 8Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ — երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։ 9Տեսակ — տեսակ օտարոտի ուսուցումներէ մի՛ տարուիք։ Լաւ է որ սիրտը Աստուծոյ շնորհքով ամրապնդուի, քան՝ ուտելիքներու եւ չուտելիքներու վերաբերող կանոններով, որոնց հետեւողները ոեւէ բանով չօգտուեցան։ 10Մենք ունինք մը, որուն վրայ մատուցուած զոհէն ճաշակելու չունի՛ն հին սրբարանին ծառայող քահանաները։ 11Արդարեւ, այն անասունները, որոնց արիւնը քահանայապետին ձեռքով կը տարուէր՝ իբրեւ մեղքի համար մատուցուած , անոնց մարմինները բնակութեան վայրէն դուրս տեղ մը կ՚այրըւէին։ 12Ճիշդ այդ պատճառով՝ Յիսուս ի՛նք ալ քաղաքէն դուրս տարուելով չարչարուեցաւ, որպէսզի իր արիւնով սրբէ ժողովուրդին մեղքերը։ 13Արդ, եկէք մենք ալ մեր բնակութեան վայրերէն դուրս գանք եւ իրեն երթանք, մեր վրայ առնելով իր կրած նախատինքները, 14որովհետեւ հոս՝ այս աշխարհի մէջ մնայուն մը չունինք, այլ՝ գալիք երկնաւոր քաղաքին է որ կը ցանկանք։ 15Հետեւաբար, մենք Քրիստոսի միջոցաւ տեւականօրէն օրհներգութիւն մատուցանենք Աստուծոյ՝ իբրեւ զոհ, այսինքն՝ մեր շրթները թող իր անունը դաւանին, իբրեւ լաւագոյն նուէր մեր կողմէ։ 16Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը։

Հնազանդիլ հոգեւոր առաջնորդներուն

17Մտի՛կ ըրէք ձեր առաջնորդներուն խօսքը, որովհետեւ անոնք անքուն կը հսկեն ձեր հոգիներուն համար, գիտնալով՝ որ հաշիւ պիտի տան ձեզի համար. եւ հնազանդ եղէք անոնց, որպէսզի ուրախութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը եւ ո՛չ թէ հառաչելով, որովհետեւ ատիկա ձեր օգուտին համար չ՚ըլլար։ 18Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել։ 19Մանաւանդ կ՚աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ։

Մաղթանքներ եւ վերջին բարեւներ

20Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան՝ որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին։ Աստուած ինչ որ կը կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս։ Ամէն։ 22Եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս։ 23Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս բանտէն արձակուած է հիմա։ Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու։ 24Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։ Իտալիայի եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ 25Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ։ Ամէն։

Նոր Կտակարան «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (2019)