Սաղմոսներ

75

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

1Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը 1 Կը գովենք քեզ, ո՛վ , Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։ 2Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Ուղիղ պիտի տեսնեմ։ 3Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան. Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։) 4Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարտանաք» Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։ 5Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։ Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։ 6Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն, 7Հապա դատաւորը Աստուած է։ Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։ 8Վասն զի Տէրոջը ձեռքը կայ ու գինին կարմիր է։ Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։ 9Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ, Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։ 10Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին, Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)