Սաղմոսներ

54

ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

1Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Զիփացիք ըսին Սաւուղին. «Ահա մեր քով պահուած է» 1 Ո՛վ , քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ ըրէ ինծի։ 2Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր, 3Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։) 4Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։ 5Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։ 6Ես իմ կամքովս քեզի պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի է, 7Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)