Սաղմոսներ

53

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

1Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը 1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. « չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ 2Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։ 3Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։ 4Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։ 5Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։ 6Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու ուրախ պիտի ըլլայ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)