Սաղմոսներ

131

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

1Դաւիթին աստիճաններուն երգը 1 Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ Եւ ինձմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։ 2Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։ 3 թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)