Սաղմոսներ

130

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

1Աստիճաններուն երգը 1 Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։ 2Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։ 3Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ 4Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան։ 5Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ Ու անոր խօսքին կը յուսամ։ 6Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։ 7 թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։ 8Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)