Սաղմոսներ

114

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

1Երբ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն, 2Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։ 3Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։ 4Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։ 5Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։ 6Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։ 7Սարսափէ՛, ո՛վ , Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն, 8Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)