Սաղմոսներ

101

ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

1Սաղմոս Դաւիթի 1 Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։ 2Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։ 3Աչքերուս առջեւ չար բան պիտի չդնեմ, Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի։ 4Ծուռ սիրտը թող զատուի ինձմէ։ Չարը պիտի չճանչնամ։ 5Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝ Անոր պիտի չհամբերեմ։ 6Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին։ Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։ 7Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։ 8Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)