Եզրասի գիրք

8

ԱՔՍՈՐԷՆ ԴԱՐՁՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

1Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն դարձողներուն տոհմապետներն ու համրանքը ասոնք են՝ 2Փենէհէսին որդիներէն Գերսոնը, Իթամարին որդիներէն Դանիէլը, Դաւիթին որդիներէն Քետտուսը, 3Սեքենիային որդիներէն՝ Փարոսին որդիներէն Զաքարիան ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան։ 4Փաաթ–Մովաբին որդիներէն՝ Զարիային որդին Եղիովէնային ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ. 5Սեքենիային որդիներէն Յազիէլի որդին ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ 6Եւ Ադինին որդիներէն Յովնաթանին որդին Աբեդը ու անոր հետ յիսուն այր մարդ 7Ու Եղամին որդիներէն Գոթողիային որդին Եսային ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ 8Եւ Սափատիային որդիներէն Միքայէլին որդին Զաբադիան ու անոր հետ ութսուն այր մարդ. 9Յովաբին որդիներէն՝ Յեքիէլին որդին Աբդիան ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութը այր մարդ 10Եւ Սաղօմիդին որդիներէն Յօսեփային որդին ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ 11Եւ Բեբայիին որդիներէն Բեբայիին որդին Զաքարիան ու անոր հետ քսանըութը այր մարդ 12Եւ Ազգադին որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ 13Եւ Ադոնիկամին որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին՝ Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա եւ անոնց հետ վաթսուն այր մարդ. 14Բագուէին որդիներէն Ութային ու Զաբուդը ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ։

ԵԶՐԱՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ԳՏՆԷ

15Ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը հաւաքեցի ու հոն երեք օր իջեւան ըրինք։ Ժողովուրդն ու քահանաները աչքէ անցուցի ու հոն Ղեւտացիներու որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ։ 16Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի 17Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովին ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն։ 18Մեր Աստուծոյն ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայէլեան Ղեւիի որդիին Մոողիին որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան ու անոր որդիները ու եղբայրները տասնըութը մարդ բերին մեզի. 19Նաեւ Ասաբիան ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները ու անոնց որդիները՝ քսան մարդ 20Ու Նաթանայիմներէն, որոնք ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին, բոլորը իրենց անուններովը յիշուած՝ երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ։

ԵԶՐԱՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

21Հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր ստացուածքին համար. 22Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ ու անոր զօրութիւնն ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն։ 23Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը ընդունեց։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԷՐՆԵՐ

24Քահանաներուն իշխաններէն տասներկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ 25Եւ արծաթն ու ոսկին ու անօթները, նաեւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն եւ հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի։ 26Վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ եւ հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ 27Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ եւ մաքուր ու փայլուն եւ ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի։ 28Անոնց ըսի. ‘Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են եւ արծաթն ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ են. 29Արթուն կեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք, մինչեւ որ զանոնք Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ՝ քահանաներուն ու Ղեւտացիներու իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջեւ կշռէք’։ 30Քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթն ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

31Առաջին ամսուան տասնըերկրորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց 32Ու Երուսաղէմ հասանք եւ հոն երեք օր նստեցանք։ 33Չորրորդ օրը արծաթն ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդիին Մերամօթին ձեռքով կշռուեցան, որուն հետ էր Փենէհէսին որդին Եղիազարը ու անոնց հետ էին Յեսուին որդին Յովզաբադն ու Բանուիին որդին Նովադիա Ղեւտացիները։ 34Ամէնքը թիւով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ։ 35Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասնըերկու զուարակ, իննիսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ ու մեղքի պատարագի համար տասնըերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։ 36Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին, անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան։

Աստվածաշունչ «Արևմտահայերեն» Թարգմանություն (1994)