Երգ Երգոց

6

ԿԻՆԵՐԸ

1Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ով կիներուն գեղեցիկը. Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ, Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։

ԿԻՆԸ

2Իմ սիրականս իր պարտէզը, Խնկալից տունկերուն ածուները, իջաւ, Որպէս զի պարտէզներու մէջ արածէ, Ու շուշաններ ժողվէ։ 3Ես իմ սիրականիսն եմ, Եւ իմ սիրականս իմս է. Անիկա շուշաններու մէջ կ’արածէ։

Հինգերորդ երգ

ՄԱՐԴԸ

4Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ով իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս հաճելի ես, Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։ 5Աչքերդ ինծմէ դարձուր, Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին. Մազերդ Գաղաադ պառկող* այծերուն հօտին պէս են։ 6Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներուն հօտին կը նմանին, Որոնց ամէնը երկուորեակ կը ծնանին, Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։ 7Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։ 8Թագուհիները վաթսուն, ու հարճերը ութսուն, Եւ օրիորդները անթիւ են։ 9Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս մէկ է, Իր մօրը մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին ընտրեալն է Զանիկա աղջիկները տեսան, Ու անոր՝ Երանի՜ ըսին. Թագուհիները ու հարճերն ալ, Եւ զանիկա գովեցին։ 10Ով է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, Որ լուսինի պէս գեղեցիկ, արևու պէս մաքուր, Ու դրօշակիր զորքերու պէս ահարկու է։ 11Ընկոյզներու պարտէզը իջայ։ Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ, Եւ նայիմ թէ արդեօք որթը ծլեցա՞ւ, Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն: 12Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։

ԿԻՆԸ

13Դարձիր, դարձիր, ով Սողոմացիդ, Դարձիր, դարձիր որպէս զի քեզ տեսնենք։ Ի՞նչ պիտի տեսնէք Սողոմացիին վրայ. Իբրև երկու բանակներու գունդը։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)