Սաղմոսներ
97
Աստուած՝ Գերագոյն Իշխողը
1Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թող ցնծայ. Շատ կղզիներ թող ուրախանան: 2Անոր բոլորտիքը ամպ ու մառախուղ կայ, Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են: 3Անոր առջևէն կրակ կ’երթայ, Ու անոր բոլորտիքը եղած թշնամիները կ’այրէ: 4Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն. Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ: 5Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովայի երեսէն, Բոլոր երկրի Տէրոջը երեսէն: 6Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը, Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը: 7Թող ամչնան այն ամէնը որոնք կուռքերուն կը ծառայեն, Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան. Ով բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէք: 8Սիօն լսեց և ուրախացաւ, Եւ Յուդայի աղջիկները ցնծացին Քու իրաւունքներուդ համար, ով Տէր: 9Վասն զի դուն, ով Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ. Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ: 10Ով Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէք. Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք: 11Արդարին համար լոյս ցանուեցաւ, Եւ սրտով ուղիղներուն համար` ուրախութիւն: 12Տէրոջմով ուրախացէք, ով արդարներ, Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք: