Սաղմոսներ
91
Աստուած մեր պաշտպանը
1Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի: 2Տէրոջը համար պիտի ըսեմ թէ Իմ ապաւենս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս` որու կը յուսամ: 3Արդարև ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն: 4Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ, Ու իր թևերուն տակ պիտի ապաստանիս. Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի: 5Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն, Ու ցորեկը թռչող նետէն, 6Ոչ ալ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն, Ու կէսօրուան ատեն սատակեցնող հարուածէն: 7Հազար հոգի քու քովէդ, Ու տասը հազար քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ: 8Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս, Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես: 9Որովհետև դուն Տէրը, իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը, քեզի ապաստանարան ըրիր, 10Քեզի չարիք պիտի չհասնի, Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ: 11Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն; 12Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես: 13Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես: 14Որովհետև ինծի կը ցանկայ, Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ: 15Ինծի պիտի կանչէ, ու ես անոր պատասխան պիտի տամ. Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ. Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա. 16Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա․ Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ: