Սաղմոսներ

89

Երգ մը ազգային տագնապի ատեն

Եթան Եզրահացիի երգը

1Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ. Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ: 2Վասն զի ըսի թէ Ողորմութիւնը յաւիտեան պիտի շինուի. Երկինքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ: 3Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ րի, Իմ ծառայիս ըրի, ըսելով, 4Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ: (Սէլա:) 5Երկինք ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ով Տէր․ Եւ քու հաւատարմութիւնդ` սուրբերուն ժողովքին մէջ: 6Վասն զի ո՞վ կայ երկինքի մէջ Տէրոջը հաւասար. Ու հզօրաց որդիներուն մէջ ո՞վ կը նմանի Տէրոջը: 7 խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովքին մէջ, Եւ ահաւոր է ամէն իր բոլորտիքը եղողներուն: 8Ով Տէր, զօրաց Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր. Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է: 9Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ. Երբ անոր ալիքները կը բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք, 10Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս. Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ: 11Քուկդ է երկինք ու քուկդ է . Դուն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը: 12Հիւսիսը ու հարաւը դուն ստեղծեցիր. ու Հերմոն քու անունովդ կը ցնծան: 13Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս. Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է: 14Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են, Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջևէն կ’երթան: 15Երանի՜ այն ժողովուրդին որ գիտեն ազդարարութեան փողերուն* ձայնը. Ով Տէր, անոնք քու երեսիդ լուսովը պիտի քալեն: 16Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան, Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան: 17Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը, Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը: 18Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է, Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբինն է: 19Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ, Ու ըսիր, Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ, Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի: 20Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ, Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա. 21Որու հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի, Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա: 22Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա, Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա: 23Եւ անոր թշնամիները իր առջևէն պիտի կոտրեմ, Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ: 24Եւ իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլայ. Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ: 25Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ, Ու անոր աջ ձեռքը գետերուն մէջ: 26Անիկա ինծի պիտի կանչէ թէ Դուն ես իմ Հայրս, Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը: 27Ու ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ` Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր: 28Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար, Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ; 29Եւ անոր սերունդը յաւիտեան, Ու անոր աթոռը երկինքի օրերուն չափ պիտի ընեմ: 30Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն, Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն, 31Եթէ իմ կանոններս անարգեն, Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն, 32Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը, Ու հարուածներով` անոնց անօրէնութիւնը: 33Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ, Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ, 34Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ, Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ: 35Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս, Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթի. 36Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ, Ու անոր աթոռը իմ առջևս` արեգակին չափ. 37Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի, Ու երկինքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս: (Սէլա:) 38Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր, Քու օծեալիդ բարկացար, 39Քու ծառայիդ ուխտը մերժեցիր, Անոր թագը գետնին հաւասար պղծեցիր, 40Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր, Անոր բերդերը աւերակ ըրիր: 41Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա. Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն: 42Անոր նեղիչներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր, Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր: 43Անոր սուրին բերանն ալ դարձուցիր, Ու զինք պատերազմին մէջ չկայնեցուցիր: 44Անոր փառքը դադրեցուցիր, Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր: 45Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճեցուցիր. Զանիկա ամօթով ծածկեցիր: (Սէլա:) 46Մինչև ե՞րբ, ով Տէր. քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս. Քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞: 47Յիշէ իմ կեանքիս ինչ ըլլալը. Ի՜նչ ունայնութեան համար ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները: 48Ո՞վ է այն մարդը որ ապրի ու մահ չտեսնէ, Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն փրկէ: (Սէլա:) 49Ով Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ, Զորոնք երդում ըրիր Դաւիթի քու հաւատարմութիւնովդ: 50Ով Տէր, յիշէ քու ծառաներուդ նախատինքը, Զոր իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն. 51Որով քու թշնամիներդ անարգեցին, ով Տէր, Որով քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին: 52Օրհնեալ ըլլայ Տէրը յաւիտեան: Ամէն ու ամէն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)