Սաղմոսներ

86

Աղօթք մը օգնութեան համար

Աղօթք Դաւթի

1Ով Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ. Պատասխան տուր ինծի, վասն զի ու տնանկ եմ: 2Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ. Ով իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դուն փրկէ: 3Ողորմէ ինծի, ով Տէր, Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր: 4Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը, Վասն զի դէպ ի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ով Տէր: 5Վասն զի դուն, ով Տէր, ու ներող ես. Եւ խիստ ողորմած` այն ամէնուն որոնք քեզի կը կանչեն: 6Ականջ դիր իմ աղօթքիս, ով Տէր, Ու մտիկ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնը: 7Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես: 8Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ով Տէր, Եւ քու գործերուդ պէս չկայ: 9Բոլոր ազգերը, զորոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջևդ, ով Տէր, Եւ քու անուանդ պիտի տան: 10Վասն զի դուն մեծ ու հրաշքներ գործող ես, միայն դուն ես: 11Ով Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. Միացուր իմ սիրտս*, որպէս զի քու անունէդ վախնայ: 12Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ով Տէր, իմ Աստուածս, Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ: 13Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս. Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն: 14Ով Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան, Ու բռնաւորներուն ժողովքը իմ անձս փնտռեցին, Եւ քեզ իրենց առջև չդրին: 15Բայց դուն, ով Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես, Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով և ճշմարտութիւնով առատ ես: 16Նայէ ինծի ու ողորմէ ինծի. Քու զօրութիւնդ տուր քու ծառայիդ, Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ: 17Բարութեան նշան մը ըրէ ինծի, Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան. Վասն զի դուն, ով Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)