Սաղմոսներ

76

Աստուած է յաղթականը

Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ. Ասափի Սաղմոսը ու երգը

1 Յուդայի մէջ ճանչցուած է. Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է: 2Ու անոր խորանը Սաղէմի մէջ է, Եւ անոր բնակարանը Սիօնի մէջ է: 3Այն տեղը ջարդեց աղեղին նետերը, Վահանը, սուրը ու պատերազմը: (Սէլա.) 4Դուն լուսափայլ ես, Յափշտակութեան լեռներէն աւելի գերազանց ես: 5Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան, Քուներնին քնացան. Ու բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չգտան: 6Ով Յակոբի Աստուածը, քու յանդիմանելէդ Կառքը ու ձին անզգայ պառկեցան: 7Դուն, ով Տէր, դուն ահաւոր ես, Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջևդ քու բարկութեանդ ատենը: 8Դուն երկինքէն լսել տուիր դատաստանը. վախցաւ ու լռեց, 9Երբ Աստուած ընելու ելաւ, Որպէս զի երկրի բոլոր հեզերը փրկէ: (Սէլա:) 10Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ. Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես: 11Ուխտ ըրէք ու կատարեցէք ձեր Տէր Աստուծոյն. Անոր բոլորտիքը եղողներուն ամէնը Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին: 12Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ. Ահաւոր է երկրի թագաւորներուն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)