Սաղմոսներ
63
Փափաք Աստուծոյ համար
Սաղմոս Դաւթի, երբ ինք Յուդայի անապատին մէջ էր։
1Ով Աստուած, դուն ես իմ Աստուածս, Ես առտուանց քեզ կը փնտռեմ․ Հոգիս կը ծարաւի քեզի, ու մարմինս քեզի կը փափաքի Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ, 2Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար, Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։ 3Որովհետև քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է, Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։ 4Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս մէջ․ Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։ 5Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս, Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս, 6Երբ անկողինիս վրայ քեզ կը յիշեմ, Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ․ 7Վասն զի ինծի օգնական եղար, Ու քու թևերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։ 8Իմ անձս քեզի հետևելով կը յարի, Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ։ 9Բայց անոնք որ իմ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար, Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն, 10Սուրի պիտի մատնուին, Աղուէսներուն բաժին պիտի ըլլան։ 11Բայց թագաւորը Աստուծով պիտի ուրախանայ, Անով երդում ընողներուն բոլորը պիտի պարծին․ Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։