Սաղմոսներ

6

Նեղութեան ատեն օգնութեան աղօթք

Գլխաւոր երաժշտին, Նկինօթի վրայ, Շէմինիթի վրայ. Սաղմոս Դաւթի։

1Ով Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի յանդիմաներ, Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի խրատեր։ 2Ով Տէր, ողորմէ ինծի, վասն զի տկար եմ ես․ Զիս բժշկէ, ով Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։ 3Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ․ Եւ դուն, ով Տէր, մինչև ե՞րբ։ 4Դարձիր, ով Տէր, փրկէ իմ անձս, Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։ 5Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի ընէ։ 6Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. Ամէն գիշեր առատութեամբ կը լուամ իմ անկողինս, Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։ 7Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէ, Իմ ամէն թշնամիներուս համար հինցաւ։ 8Ինծմէ ետ կեցէք ամէնդ ալ որ անօրէնութիւն կը գործէք. Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց․ 9Տէրը իմ աղօթքս լսեց․ Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։ 10Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ ամէն թշնամիներս, Ետ դառնան ու շուտով թող ամչնան։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)