Սաղմոսներ

52

Աստուծոյ դատաստանը և շնորհքը

Գլխաւոր երաժշտին․ Դաւիթի երգը, երբ Դովեկ Եդովմայեցի եկաւ ու զրուցեց Սաւուղի, ու անոր ըսաւ թէ Դաւիթ Աքիմելէքի տունը մտեր է։

1Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ով բռնաւոր․ Աստուծոյ գթութիւնը ամէն օր կայ։ 2Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ, Սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ․ 3Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես, Ու ստութիւնը արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։) 4Ամէն կործանման խօսքերը Ու նենգաւոր լեզուն կը սիրես։ 5 ալ յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ, Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ, Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։) 6Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան, Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով, 7Ահա այն մարդը, որ զԱստուած իրեն ամրութիւն չըրաւ, Հապա իր շատ հարստութեանը վստահացաւ, Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ։ 8Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ․ Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։ 9Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, Որ այս բանը կատարեցիր․ Ու քու անուանդ պիտի յուսամ, Վասն զի է սուրբերուդ առջև։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)