Սաղմոսներ

5

Աղօթք մը ապահովութեան համար

Գլխաւոր երաժշտին, Նհիլօթի վրայ. Սաղմոս Դաւթի։

1Ով Տէր ականջ դիր իմ խօսքերուս, Միտքդ առ իմ աղաղակս։ 2Իմ կանչելուս ձայնը մտիկ ըրէ, ով իմ Թագաւորս ու Աստուածս, Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։ 3Ով Տէր, առտուանց պիտի լսես իմ ձայնս․ Առտուանց պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։ 4Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող չես, Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։ 5Հպարտները քու աչքերուդ առջև պիտի չկենան, Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես․ 6Սուտ խօսողները կը կորսնցնես․ Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։ 7Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ․ Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։ 8Ով Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար․ Քու ճամբադ շիտկէ իմ առջևս․ 9Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, Անոնց ներսիդին չարութիւն է․ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է․ Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։ 10Ով Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք, Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան․ Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ զանոնք․ Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։ 11Բայց ամէն քեզի յուսացողներ թող ուրախ ըլլան․ Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես․ Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։ 12Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ով Տէր, կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)