Սաղմոսներ

46

Աստուած մեզի հետ է

Գլխաւոր երաժշտին․ Կորխի որդիներուն երգը Ալամօթի վրայ։

1 մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է․ Նեղութիւններու մէջ խիստ օգնական կը գտնուի։ 2Անոր համար պիտի չվախնանք, թէև փոխուի, Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին․ 3Թէև անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։) 4Գետի վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։ 5Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի․ Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուանց կանուխ։ 6Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին․ Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։ 7Զօրաց Տէրը մեզի հետ է․ Յակոբի Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։) 8Եկէք ու տեսէք Տէրոջը գործերը, Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ 9Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչև երկրի ծայրը․ Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։ 10Հանդարտ կեցէք ու ճանչցէք որ ես եմ Աստուած․ Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։ 11Զօրաց Տէրը մեզի հետ է, Յակոբի Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)