Սաղմոսներ

35

Աղօթք մը օգնութեան համար

Սաղմոս Դաւթի

1Ով Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ․ Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ։ 2Ասպարը ու վահանը առ, Ու ելիր ինծի օգնութիւն ընելու։ 3Նաև նիզակը քաշէ, ու ճամբան գոցէ զիս հալածողներուն դէմ․ Ըսէ անձիս թէ Քու փրկութիւնդ ես եմ։ 4Իմ անձս փնտռողները ամչնան ու խայտառակ ըլլան․ Ետ դառնան ու ամչնան Անոնք որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։ 5Հովին առջև եղած մղեղին պէս ըլլան անոնք, Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք։ 6Անոնց ճամբան խաւար ու սկրդեցնող ըլլայ, Եւ Տէրոջը հրեշտակը հալածէ զանոնք․ 7Վասն զի զուր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին, Ու զուր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։ 8Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ, Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ․ Նոյն աւերման մէջ իյնայ։ 9Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ, Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։ 10Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն, Տէր, ո՞վ քեզի նման է, Որ աղքատը կ’ազատես անկէ որ կը զօրանայ անոր վրայ, Ու աղքատը և տնանկը՝ իր յափշտակողէն։ 11Սուտ վկաներ ելան, Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։ 12Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին՝ Կողոպտելով իմ անձս։ 13Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի, Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի, Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս պիտի դառնայ։ 14Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի, Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը ցածնայի։ 15Բայց անոնք իմ կաղութեանս ատեն խնդացին ու ժողվուեցան․ Զարնողները իմ վրաս ժողվուեցան, ու ես բան մը չէի գիտեր․ Կը ճեղքէին զիս ու չէին դադրեր․ 16Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներուն հետ Ակռաներնին իմ վրաս կը կրճտէին։ 17Ով Տէր, մինչև ե՞րբ պիտի նայիս, Ազատէ իմ անձս անոնց աւերումներէն, Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։ 18Մեծ ժողովքի մէջ քեզ պիտի գովեմ, Շատ ժողովուրդի մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։ 19Զուր տեղը ինծի եղողները թող իմ վրաս չխնդան, Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չտան։ 20Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր, Հապա երկրի մէջ հանդարտներուն դէմ նենգութիւն կը խորհին, 21Ու իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով, Վա՜շ, վա՜շ, մեր աչքերը տեսան։ 22Ով Տէր, դուն տեսար, լուռ մի կենար․ Ով Տէր, ինծմէ մի հեռանար։ 23Արթնցիր, ով իմ Աստուածս ու Տէրս, Ու իմ դատաստանիս ու դատիս ելիր։ 24Քու արդարութեանդ համեմատ ըրէ ինծի, ով իմ Տէր Աստուածս, Եւ իմ վրաս թող չխնդան․ 25Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ Ահա մեր կամքը եղաւ, Ու թող չըսեն թէ Կլլեցինք զանիկա։ 26Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Անոնք որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան․ Իմ վրաս հպարտացողները Ամօթ ու խայտառակութիւն հագնին։ 27Թող ցնծան և ուրախանան Անոնք որ իմ արդարութիւնս կ’ուզեն, Ու միշտ թող ըսեն թէ մեծանայ, Որ իր ծառային խաղաղութիւնը կ’ուզէ։ 28Ու իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի խօսի, Ու ամէն օր քու գովութիւնդ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)