Սաղմոսներ
147
Ամենակարող Աստուծոյ փառքը
1Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսել. Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը: 2Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը, Իսրայէլի ցրուածները կը ժողվէ, 3Սրտով կոտրածները կը բժշկէ, Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ. 4Աստղերուն թիւը կը համրէ, Անոնց ամէնն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ: 5Մեծ է մեր Տէրը, ու իր զօրութիւնը շատ է. Անոր իմաստութիւնը անհուն է: 6Տէրը կը հաստատէ խեղճերը, Ու ամբարիշտները մինչև հողը կը խոնարհեցնէ: 7Երգեցէք Տէրոջը գոհութիւնով. Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով. 8Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ, Անձրև կը պատրաստէ երկրի համար, Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ. 9Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ, Ու ագռաւին ձագերուն` որոնք կ’աղաղակեն: 10Անիկա ձիուն զօրութեանը չհաճիր, Մարդուն սրունքներուն չհաւնիր: 11Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողներուն Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն: 12Ով Երուսաղէմ, գովէ Տէրը. Օրհնէ քու Աստուածդ, ով Սիօն: 13Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամուրցուց, Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց: 14Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ, Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ: 15Անիկա իր խօսքը երկրին մէջ կը ղրկէ. Իր խօսքը շուտով կը վազէ: 16Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ, Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ: 17Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ. Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ: 18Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք. Իր հովը փչել կու տայ, ու ջուրեր կը վազեն: 19Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբի, Եւ իր կանոնները ու դատաստանները` Իսրայէլի: 20Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ. Ու անոնք անոր դատաստանները չճանչցան: Ալէլուիա: