Սաղմոսներ
137
Իսրայէլի ողբը աքսորի մէջ
1Բաբելոնի գետերուն քով` հոն կը նստէինք, Ու Սիօնը միտքերնիս բերելով կու լայինք: 2Անոր մէջ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները. 3Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին, Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով, Երգեցէք մեզի Սիօնի երգերէն: 4Տէրոջը երգը ի°նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ: 5Ով Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թող իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. 6Թող իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարիմ: 7Յիշէ, ով Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին, Փլցուցէք, փլցուցէք Մինչև անոր հիմը: 8Ով Բաբելոնի աւերող աղջիկը, Երանի՜ անոր` որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը. 9Երանի՜ անոր` որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ: