Սաղմոսներ
129
Աղօթք մը Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ
Աստիճաններուն երգը
1Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ, Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին. 2Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին, Բայց ինծի չյաղթեցին: 3Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին, Ու իրենց ակոսները երկնցուցին: 4Տէրը արդար է Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց: 5Սիօնը ատողներուն ամէնը Պիտի ամչնան ու ետ դառնան. 6Տանիքի վրայի խոտին պես պիտի ըլլան, Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ. 7Որով հնձողը չկրնար իր ձեռքը լեցնել, Ոչ ալ խուրձ կապողը իր գոգը. 8Եւ անցնողները չեն ըսեր թէ Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ, Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք: