Սաղմոսներ

126

Աղօթք մը փրկութեան համար

Աստիճաններուն երգը

1Երբ Տէրը Սիօնի գերութիւնը դարձուց, տեսնողներու* պէս եղանք: 2Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ, Ու մեր լեզուն ցնծութիւնով. Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին թէ Տէրը ասոնց համար մեծ բաներ ըրաւ: 3Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ, Ու մենք ուրախացանք: 4Ով Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը Հարաւի առուներուն պէս: 5Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով կը հնձեն: 6Ան որ լալով կ’երթայ, Ցանելու սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, Իր ցորենի խուրձերը բերելով:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)