Սաղմոսներ
109
Մարդու մը տրտունջը նեղութեան մէջ
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի
1Ով իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի կենար. 2Վասն զի ամբարշտին բերանը Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս. Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան: 3Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին, Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան: 4Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի, Բայց ես աղօթք կ’ընէի: 5Նաև բարիին տեղ չար հատուցին, Ու իմ սիրոյս տեղ` ատելութիւն: 6Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր, Եւ Սատանայ թող կայնի անոր աջ կողմը. 7Երբ դատուի` յանցաւոր ելլէ, Ու անոր աղօթքը մեղք ըլլայ: 8Անոր օրերը պակսին, Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ: 9Անոր որդիները որբ ըլլան, Ու անոր կինը` որբևարի: 10Եւ անոր որդիները թափառական ըլլան ու մուրան, Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն: 11Փոխ տուողը առնէ անոր բոլոր ունեցածը, Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստըկածը: 12Բնաւ մէ°կը գթութիւն չընէ անոր, Ու մէ°կը չողորմի անոր որբերուն: 13Անոր զաւակները կորուստի մատնուին, Անոնց անունը գալու ազգին մէջ ջնջուի: 14Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջև յիշուի, Եւ անոր մօրը մեղքը չջնջուի: 15Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջև ըլլան, Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէ վերցնէ: 16Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց, Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց, Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ: 17Նաև անեծքը սիրեց, ու թող անոր վրայ գայ. Եւ օրհնութիւնը չուզեց, ու թող անկէ հեռու ըլլայ: 18Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ, Եւ անիկա ջուրի պէս անոր փորին մէջ մտնէ, Ու ձէթի պէս` անոր ոսկորներուն մէջ: 19Հագնելու հանդերձի պէս Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս ըլլայ անոր: 20Ինծի հակառակ կեցողներուն Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս ըլլայ Տէրոջմէն: 21Բայց դուն, ով Տէր Եհովա, օգնէ ինծի* քու անուանդ համար. Փրկէ զիս քու ողորմութեանդ բարի ըլլալուն համար: 22Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ, Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է: 23Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ, Մարախի պէս թօթվուեցայ: 24Ծունկերս ծոմապահութենէ տկարացան, Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ: 25Ու ես անոնց նախատինք եղայ. Երբ զիս կը տեսնեն` գլուխնին կը շարժեն: 26Օգնէ ինծի, ով Տէր, իմ Աստուածս. Փրկէ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ. 27Ու գիտնան թէ քու ձեռքդ այս է, Եւ դուն ըրիր ասիկա, ով Տէր: 28Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ. Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ: 29Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին, Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն: 30Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս, Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա: 31Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կայնի, Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ: