Սաղմոսներ

108

Աղօթք մը օգնութեան համար

Դաւիթի երգը ու Սաղմոսը

1Իմ սիրտս պատրաստ է, ով . Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ իմ փառքովս ալ: 2Արթնցիր, ով տաւիղ ու քնար. Ես կանուխ պիտի արթննամ: 3Ով Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովէմ, Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ: 4Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկինքէ վեր, Եւ քու ճշմարտութիւնդ մինչև ամպերը: 5Երկինքի վրայ բարձրացիր, ով Աստուած, Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ ըլլայ: 6Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին` Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի: 7Աստուած իր սրբութիւնովը* խօսեցաւ, Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ, Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ: 8Իմս է Գաղաադ ու իմս է Մանասէ. Եւ Եփրեմ գլխուս զօրութիւնն է. Յուդա իմ օրէնսդիրս է. 9Մովաբ իմ լուացուելու ամանս է. Եդովմի վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս. Փղշտացիներուն վրայ ձայնով պիտի ցնծամ: 10Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպաւոր քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչև Եդովմ: 11Չէ՞ որ դուն, ով Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ, Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ով Աստուած: 12Նեղութեան մէջէն մեզի օգնութիւն տուր, Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը: 13Աստուծով քաջութիւն պիտի ընենք. Ու ան պիտի կոխէ մեր թշնամիները:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)