Սողոմոնի Առակների գիրք

31

Պատգամ թագաւորի մը

1Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, զոր անոր մայրը անոր սորվեցուց: 2Ի՞նչ ըսեմ, ով որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ով իմ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ով իմ ուխտերուս որդին: 3Քու զօրութիւնդ կիներուն մի տար, Ոչ ալ քու ճամբաներդ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն: 4Ով Լեմուէլ, թագաւորներուն չվայլեր, խմել թագաւորներուն չվայլեր, Եւ օղի խմել իշխաններուն չվայլեր. 5Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան, Եւ տառապեալներէն մէկուն դատաստանը ծռեն: 6Օղին կորսուելու վրայ եղողին, Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք. 7Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան, Եւ իրենց նեղութիւնը մէյմըն ալ չյիշեն: 8Բայց քու բերանդ համր մարդուն համար, Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար: 9Բաց քու բերանդ, արդարութեամբ դատէ, Եւ աղքատին ու տնանկին դատաստանը տես:

Կարող կինը

10Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել. Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է: 11Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է, Ու աւարի կարօտ չըլլար: 12Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ և ոչ թէ չարիք: 13Բուրդ ու քթան կը փնտռէ, Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ: 14Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի. Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ: 15Եւ անիկա գիշերով կ’ելլէ, ու տանը մարդոցը կերակուր Եւ իր աղախիններուն բաժին կու տայ: 16Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ, Եւ իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ: 17Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ, Ու իր բազուկները կը զօրացնէ: 18Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկընայ. Անոր ճրագը գիշերը չմարիր: 19Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ, Ու ափովը րոքը կը բռնէ: 20Ձեռքը աղքատին կը բանայ, Ու ձեռքերը կարօտներուն կ’երկնցնէ: 21Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չվախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են: 22Իրեն ծածկոցներ կը շինէ. Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է: 23Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ կը նստի: 24Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ, Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ: 25Զօրութիւն ու կը հագնի. Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ: 26Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ, Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ. 27Իր տանը ճամբաները կը քննէ, Եւ ծուլութեան հացը չուտեր: 28Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն. Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով, 29Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամէնէն գերազանց եղար: 30Վայելչութիւնը սուտ է, ու գեղեցկութիւնը ունայն է. Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի: 31Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն. Ու անոր գործերը դռներու մէջ գովեն զանիկա:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)