Սողոմոնի Առակների գիրք
27
1Վաղուան համար մի պարծիր, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի: 2Քեզ ուրիշը գովէ և ոչ թէ քու բերանդ, Օտարը՝ և ոչ թէ քու շրթունքներդ: 3Քարը ծանրութիւն՝ ու աւազը բեռ ունի. Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է: 4Բարկութիւնը անողորմ է, ու սրտմըտութիւնը խիստ է. Բայց նախանձին առջև ո՞վ կրնայ կենալ: 5Յայտնի յանդիմանութիւնը Ծածուկ սէրէն աղէկ է: 6Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են. Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են: 7Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ. Բայց անօթի մարդուն ամէն լեղի բան անոյշ կու գայ: 8Իր տեղէն թափառական եղող մարդը Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է: 9Իւղը ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն. Նմանապէս բարեկամին քաղցրութիւնը՝ մտերիմ խորհրդով: 10Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի թողուր, Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի երթար. Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէ աղէկ է: 11Որդեակ իմ, իմաստուն եղիր ու սիրտս ուրախացուր, Որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ: 12Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ. Բայց միամիտները առաջ կանցնին ու վնաս կը կրեն: 13Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը առ, Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ առ: 14Եթէ մէկը առաւօտուն կանուխ ելլէ, ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի: 15Անձրևոտ օրուան շարունակ կաթիլը Ու կռուասէր կինը իրարու կը նմանին: 16Զանիկա ծածուկ պահողը հովը կը պահէ, Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ: 17Երկաթը երկաթով կը սրուի, Եւ մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ: 18Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ, Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ: 19Ինչպէս ջուրը երեսը երեսին, Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ: 20Դժոխքը ու կորուստը չեն կշտանար. Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար: 21Ինչպէս հալոցը արծաթը՝ և քուրան ոսկին կը փորձէ, Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ: 22Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ սանդիտոռով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չերթար: 23Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէկ գիտցիր, Եւ քու հօտերուդ աղէկ նայէ. 24Վասն զի հարստութիւնը միշտ չմնար, Ու թագը դարէ դար չտևեր: 25Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երևնայ, Եւ լեռներուն խոտերը կը ժողվուին: 26Գառները քու հագուստիդ համար են, Ու նոխազները դաշտերուն գինն են: 27Քու կերակուրիդ համար և քու տանդ կերակուրին համար Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս: