Սողոմոնի Առակների գիրք
25
1Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, զորոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին: 2Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է. Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է: 3Երկինքի բարձրութիւնը ու երկրի խորութիւնը Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր: 4Վերցուր արծաթէն կղկղանքը, Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ: 5Վերցուր թագաւորին առջևէն ամբարիշտը, Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի: 6Թագաւորին առջև մի պարծիր, Եւ մեծերուն տեղը մի կենար. 7Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ Հոս ելիր, Քան թէ քու աչքերուդ տեսած իշխանին առջև վար իջեցնեն քեզ: 8Կռիւի համար շուտով դուրս մի ելլեր. Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ, Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս: 9Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ, Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի յայտներ. 10Չըլլայ որ լսողը քեզ անարգէ, Ու գէշ անունդ անջնջելի մնայ: 11Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի: 12Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է: 13Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն Հունձքի ատենի ձիւնին զօրութեանը պէս է, Եւ իր տէրոջը հոգին կը զուարճացնէ: 14Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծենցողը Անանձրև ամպերու ու հովի պէս է: 15Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի, Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ: 16Եթէ մեղր գտնես, քեզի բաւական եղածին չափ կեր, Չըլլայ որ անով կշտանաս ու զանիկա փսխես: 17Քու ոտքդ դրացիիդ տունը յաճախ չկոխէ, Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ: 18Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը Ուռի, սուրի և սրած նետի պէս է: 19Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը Փշրուող ակռայի և դիւրագլոր ոտքի ապաւինելու պէս է: 20Տրտում մարդուն առջև երգեր երգողը Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին, Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի: 21Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր, Ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր: 22Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր կը դիզես, Եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ: 23Հիւսիսային հովը անձրևը կը ցրուէ, Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզուն: 24Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուասէր կնոջ հետ մեծ տան մէջ: 25Ինչպէս է պաղ ջուրը ծարւած մարդուն, Այսպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը: 26Չար մարդուն առջև իյնող արդարը Պղտորուած աղբիւրի ու աւրուած ակի կը նմանի: 27Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ, Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ: 28Իր ոգին չզսպող մարդը Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է: