Սողոմոնի Առակների գիրք

15

1Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ. Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ: 2Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճոյ կ’երևցնէ. Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութիւն կը բղխէ: 3Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերը ու բարիները կը դիտեն: 4Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է. Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ: 5Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ. Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ: 6Արդարին տունը մեծ գանձ կայ. Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ: 7Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն. Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ: 8Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջև պիղծ է. Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է: 9Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի. Բայց արդարութեան հետևողը կը սիրէ: 10Ուղիղ ճամբան մերժողին՝ գէշ պատիժ կ’ըլլայ. Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի: 11Դժոխքը ու կորուստը Տէրոջը առջև են. Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սիրտերը: 12Ծաղր ընողը իր յանդիմանիչը չսիրեր, Եւ իմաստուններուն քով չերթար: 13Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ. Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի: 14Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ. Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի: 15Վշտալից մարդուն ամէն օրերը գէշ են. Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենաւոր կոչունքի մէջ է: 16Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով: 17Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով: 18Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ. Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ: 19Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է. Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է: 20Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ. Բայց անմիտ մարդը իր մայրը կ’անարգէ: 21Պակասամիտ մարդուն յիմարութիւնը զբօսանք է. Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը: 22Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին. Բայց խորհրդականներուն շատութիւնովը կը հաստատուին: 23Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ. Ու ատենովը ըսուած խօսքը ո՜րչափ գեղեցիկ է: 24Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպ ի վեր կը տանի, Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ: 25Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ. Բայց որբևարիին սահմանը կը հաստատէ: 26Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջև պիղծ են. Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են: 27Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ. Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի: 28Արդարին սիրտը տալու պատասխանը կը մտածէ. Բայց ամբարիշտներուն բերանը չարիք կը բղխէ: 29Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է. Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ: 30Աչքերու լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ. լուրը ոսկորները կը գիրցնէ: 31Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը Իմաստուններուն մէջ կը բնակի: 32Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ. Բայց յանդիմանութիւն մտիկ ընողը խելք կը վաստկի: 33Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է, Ու փառքին առջևէն խոնարհութիւնը կ’երթայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)