Աբդիա մարգարեյի գիրք
1
Աստուած Եդովմը պիտի պատժէ
1Աբդիու տեսիլքը: Տէր Եհովա Եդովմի վրայով այսպէս կ’ըսէ. Տէրոջմէ լուր լսեցինք, Ու ազգերուն դեսպան ղրկուեցաւ` ըսելով, Ելէք, ու անոր վրայ պատերազմի ելլենք: 2Ահա քեզ ազգերու մէջ պզտիկ ըրի, Դուն խիստ անարգուած ես: 3Քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեց, Ով վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող, Ու բարձր բնակարան ունեցող, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես, Ո±վ զիս գետինը պիտի իջեցնէ: 4Թէև արծիւի պէս բարձրանաս, Եւ քու բոյնդ աստղերուն մէջ դնես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 5Եթէ քեզի գողեր կամ գիշերային աւազակներ գային, (Ի՜նչպէս կործանեցար.) Անոնք իրենց բաւական եղածին չափ պիտի չգողնայի՞ն. Եթէ քեզի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն: 6Եսաւ ի՜նչպէս քննուեցաւ. Անոր ծածուկ տեղերը փնտռուեցան: 7Քու բոլոր դաշնակիցներդ քեզ մինչև սահմանը ղրկեցին, Քեզի հետ խաղաղութիւն ունեցող մարդիկը քեզ խաբեցին Ու քեզ յաղթեցին. Քու հացդ ուտողները քու տակդ որոգայթ դրին. Անոր քով հանճար չկայ: 8Ահա այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Եդովմէ իմաստունները, Ու Եսաւի լեռնէն հանճարը բնաջինջ պիտի ընեմ: 9Եւ քու զօրաւորներդ, ով Թեման, պիտի զարհուրին, Որպէս զի Եսաւի լեռնէն ամէն մարդ սպաննուելով կոտրուի:
Եդովմի պատժուելուն պատճառները
10Քու եղբօրդ Յակոբի եղած անիրաւութեանը համար Ամօթը քեզ պիտի ծածկէ, Ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս: 11Անոր դիմաց կայնած օրդ, Երբ օտարազգիները անոր զօրքը գերի առին, Ու օտարները անոր դռները մտան, Ու Երուսաղէմի վրայ վիճակ ձգեցին, Դուն ալ անոնց մէկուն պէս էիր: 12Ու պէտք չէր որ քու եղբօրդ օրը, Անոր օտարութեան օրը, դիմացէն նայէիր, Եւ Յուդայի որդիներուն վրայ Անոնց կորուստին օրը խնդայիր, Ու անոնց նեղութեան օրը Քու բերանդ մեծցնէիր, 13Ոչ ալ իմ ժողովուրդիս դուռը Անոնց թշուառութեան օրը մտնէիր, Անոնց կործանումին օրը Դուն ալ անոնց չարիքին վրայ նայէիր, Եւ անոնց կործանումին օրը Անոնց ստացուածքին վրայ ձեռք ձգէիր. 14Եւ ոչ անոր ազատուածները կոտրելու համար Ճամբուն բերանը կայնէիր, Ու անոր նեղութեան օրը Անոր մնացորդները մատնէիր:
Աստուած ազգերը պիտի դատէ
15Քանզի բոլոր ազգերուն վրայ Տէրոջը օրը մօտ է. Քեզի քու ըրածիդ պէս պիտի ընեն. Քու հատուցումդ գլուխդ պիտի դառնայ: 16Քանզի ինչպէս դուք իմ սուրբ լեռանս վրայ խմեցիք, Բոլոր ազգերն ալ շարունակ պիտի խմեն. Պիտի խմեն ու պիտի կլլեն, Ու չեղածի պէս պիտի ըլլան:
Իսրայէլին յաղթանակը
17Բայց Սիօն լեռանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ. Ու Յակոբի տունը իրենց կալուածքներուն պիտի տիրեն: 18Եւ Յակոբի տունը կրակ, Ու Յովսէփի տունը բոց, Ու Եսաւի տունը յարդ պիտի ըլլայ. Եւ անոնց մէջ պիտի բռնկին, Ու զանոնք պիտի ուտեն, Ու Եսաւի տանը մնացորդ մը պիտի չըլլայ. Քանզի Տէրը խօսեցաւ: 19Եւ հարաւայինները Եսաւի լեռը պիտի ժառանգեն. Ու դաշտայինները` Փղշտացւոց երկիրը, Նաև Եփրեմի դաշտը ու Սամարիայի դաշտը պիտի ժառանգեն. Ու Բենիամին Գաղաադը պիտի ժառանգէ : 20Եւ Իսրայէլի որդիներուն այս զօրքին գերիները Քանանացւոց եղածը պիտի ժառանգեն մինչև Սարեփթա, Ու Երուսաղէմի գերիները, որոնք Սեփարադի մէջ են, Հարաւային քաղաքները պիտի ժառանգեն: 21Եւ ազատողներ պիտի ելլեն Սիօն լեռը` Եսաւի լեռը դատելու համար. Ու թագաւորութիւնը Տէրոջը պիտի ըլլայ: