Նէեմիայի գիրք

9

Ժողովուրդը կը խոստովանին իրենց մեղքերը

1Եւ այս ամսուն քսանըչորսերորդ օրը Իսրայէլի որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանած մէկտեղ ժողվուեցան: 2Եւ Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան, ու Աստուծոյ առջև կայնելով՝ իրենց մեղքերը ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան: 3Եւ իրենց տեղը կայնելով՝ օրուան չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրինաց գիրքէն կարդացին, ու չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստովանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին: 4Ու , Բանի, Կադմիէլ, Սաբանիա, Բունի, Սարաբիա, Բանի ու Քենանի Ղեւտացիները բեմին վրայ ելան, ու իրենց Տէր Աստուծոյն բարձր ձայնով աղաղակեցին: 5Եւ Յեսու, Կադմիէլ, Բանի, Ասաբանիա, Սարաբիա, Ովդիա, Սաբանիա ու Փեթայիա Ղեւտացիները ըսին, Ելէք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէք: Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ. ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ:

Խոստովանութեան աղօթք

6Դուն, միայն դուն Տէր ես. երկինքը, երկնից երկինքը և անոր բոլոր զօրքերը, երկիրը ու բոլոր անոր վրայ եղածը, ծովերը ու բոլոր անոնց մէջ եղածը, դուն ստեղծեցիր, և ամէնուն դուն կենդանութիւն կու տաս. ու երկինքի զօրքերը քեզի երկրպագութիւն կ՚ընեն: 7Դուն ես այն Տէր Աստուածը՝ որ Աբրամը ընտրեցիր, և զանիկա Քաղդէացւոց Ուր քաղաքէն հանեցիր, ու անոր անունը դրիր. 8Եւ անոր սիրտը քու առջևդ հաւատարիմ գտար, ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացւոց, Քետացւոց, Ամօրհացւոց, Փերեզացւոց, Յեբուսացւոց ու Գերգեսացւոց երկիրը անոր սերունդին տաս. ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես: 9Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար, ու Կարմիր ծովուն վրայ անոնց աղաղակը լսեցիր. 10Եւ Փարաւոնի ու անոր բոլոր ծառաներուն, ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար որ անոնց վրայ հպարտացան. ու այսօրուան պէս քեզի վաստկեցար. 11Եւ ծովը անոնց առջև պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան, և զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր: 12Եւ ցորեկը ամպի սիւնով, ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց: 13Նաև Սինա լեռանը վրայ իջար, ու անոնց հետ երկինքէն խօսեցար. և անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ ու կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր. 14Եւ քու սուրբ շաբաթդ անոնց գիտցուցիր, ու քու ծառայիդ Մովսէսի ձեռքով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ հրամայեցիր. 15Ու երբ անօթեցան՝ անոնց երկինքէն տուիր, ու երբ ծարւեցան՝ անոնց ապառաժէն հանեցիր. և անոնց ըսիր որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը զոր անոնց տալու համար ձեռքդ վերցուցիր*: 16Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան, ու իրենց պարանոցը խÁստացուցին և քու պատուիրանքներուդ հնազանդութիւն չըրին, 17Ու չուզեցին մտիկ ընել, և անոնց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, ու իրենց ապստամբութիւնովը իրենց ծառայութեանը դառնալու գլուխ դրին*. բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ ըլլալովդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր. 18Մանաւանդ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ որթ շինեցին, ու Քեզ, Եգիպտոսէ հանող Աստուածդ, ասիկա է՝ ըսելով քեզ մեծապէս անարգեցին, 19Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդութիւն ընելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը, ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր: 20Նաև զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր, ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր, ու անոնց ծարւած ատենը անոնց ջուր տուիր: 21Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր. անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան: 22Եւ անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր, ու անոնց սահմաններ որոշեցիր. ու Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը, ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին: 23Եւ անոնց որդիները երկինքի աստղերուն չափ շատցուցիր. ու տարիր զանոնք այն երկիրը զոր անոնց հայրերուն խոստացեր էիր, թէ անոնք հոն պիտի մտնեն ու ժառանգեն: 24Եւ անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին. և այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները անոնց առջև նուաճեցուցիր, ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը անոնց ձեռքը տուիր, որպէս զի ուզածնուն պէս վարուին անոնց հետ: 25Եւ պարսպաւոր քաղաքներ ու պարարտ մը առին. ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր առատօրէն ժառանգեցին. ու կերան, կշտացան ու գիրցան, և քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան: 26Սակայն քեզի անհնազանդութիւն ու ապստամբութիւն ըրին, և քու օրէնքդ իրենց ետև ձգեցին, ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զանոնք քեզի դարձնելու համար անոնց վկայութիւն կու տային*. և քեզ մեծապէս անարգեցին: 27Եւ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր որ զանոնք նեղեցին. ու երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկինքէն լսեցիր, և քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատիչներ տուիր. ու ազատեցին զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն: 28Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջևդ չարութիւն ըրին, ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք անոնց վրայ տիրեցին. ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկինքէն լսեցիր, և քու ողորմութեանդ համեմատ շատ անգամ զանոնք ազատեցիր. 29Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր. բայց անոնք հպարտացան, ու քու հրամաններուդ հնազանդութիւն չըրին, և քու պատուիրանքներուդ դէմ գործեցին, (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ՚ապրի,) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու հնազանդութիւն չըրին: 30Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր, ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ ձեռքով անոնց վկայութիւն ըրիր. բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք երկիրներուն ժողովուրդներուն ձեռքը մատնեցիր: 31Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսընցուցիր ու չմերժեցիր, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես: 32Եւ հիմա, ով Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչև այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն և քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները քու առջևդ քիչ չերևնան: 33Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես. քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք: 34Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաները ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին, ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններդ մտիկ չըրին: 35Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը, ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ, և այն ընդարձակ ու պարարտ երկրին մէջ զոր անոնց տուիր քեզի ծառայութիւն չըրին, ու իրենց չար գործերէն չդարձան. 36Ահա մենք այսօր ծառայ ենք. մանաւանդ այն երկրին մէջ զոր մեր հայրերուն տուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտեն, ահա մենք հոն ծառայ ենք: 37Եւ այն երկիրը շատ կու տայ այն թագաւորներուն զորոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր, ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն. ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք: 38Եւ այս ամէնուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ՚ընենք ու կը գրենք, ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիները ու մեր քահանաները զանիկա կը կնքեն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)