Նէեմիայի գիրք
5
Աղքատին հարստահարութիւնը
1Եւ ժողովուրդը ու անոնց կիները իրենց եղբայրներուն, Հրեաներուն, դէմ մեծ գանգատ ըրին: 2Եւ ոմանք կ՚ըսէին, Մենք մեր տղաքներովը ու աղջիկներովը շատուոր ենք. և ուտելիք ծախու առնենք, որպէս զի ուտենք ու ապրինք: 3Ոմանք ալ կ՚ըսէին, Մենք մեր արտերը, այգիները ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէս զի սովի համար ուտելիք ծախու առնենք: 4Եւ ոմանք կ՚ըսէին, Թագաւորին հարկ տալու համար մեր արտերուն ու այգիներուն վրայ ստակ փոխ առինք. 5Ու հիմա մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմինին պէս է, ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս. և ահա մենք մեր տղաքները ու աղջիկները ծառայութեան կը ծախենք. և արդէն մեր աղջիկներէն աղախին ըլլալու ծախուածներ կան, ու մեր ձեռքը կարողութիւն չկայ. որովհետև մեր արտերը ու այգիները ուրիշներուն ձեռքն են: 6Ու երբ ես անոնց աղաղակը ու այս խօսքերը լսեցի, խիստ դժուարեցայ: 7Եւ մտքիս մէջ խորհելէ ետև՝ ազնուականները ու ոստիկանները յանդիմանեցի, ու անոնց ըսի, Դուք ամէնդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ՚առնէք. ու անոնց դէմ մեծ ժողովք ըրի: 8Այն ատեն անոնց ըսի, Մենք հեթանոսներու ծախուած մեր Հրեայ եղբայրները մեր կարողութեանը չափ ծախու առինք, ու հիմա դուք ձեր եղբայրները կը ծախէ՞ք, կամ անոնք մեզի ծախուի՞ն. և անոնք լռեցին ու չկրցան պատասխան տալ: 9Ու ըսի, Այդ ձեր ըրածը աղէկ բան չէ. պէտք չէ՞ որ մեր Աստուծոյն վախովը քալէք, որպէս զի մեզի թշնամի եղող ազգերուն նախատինք չըլլանք: 10Ես ալ ու իմ եղբայրներս ու ծառաներս ալ ստակ ու ցորեն փոխ տուած ենք անոնց, բայց հիմա այս պարտքը անոնց շնորհենք: 11Եւ ձեզի կ՚աղաչեմ, որ այսօր անոնց ետ դարձնէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթենիները ու տուները. նաև ստակին, ցորենին, գինիին ու իւղին հարիւրէն մէկը զոր անոնցմէ կը պահանջէք: 12Եւ անոնք ըսին, Ետ պիտի դարձնենք, ու անոնցմէ բան մը պիտի չպահանջենք. ինչպէս ըսիր այնպէս պիտի ընենք: Այն ատեն քահանաները կանչեցի, ու անոնց երդում ընել տուի որ այսպէս ընեն: 13Նաև հանդերձս թօթվեցի ու ըսի, Ով որ այս բանը չկատարէ, իր տունէն ու իր վաստակէն Աստուած այսպէս թօթվէ, ու այսպէս թօթվուած ու դատարկ ըլլայ: Եւ բոլոր ժողովքը Ամէն ըսին, ու Տէրը օրհնեցին. ու ժողովուրդը այս բանը կատարեց:
Նէեմիային անշահախնդրութիւնը
14Եւ Յուդայի երկրին մէջ անոնց իշխանը եղած օրէս՝ Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչև երեսունուերկուերորդ տարին, տասուերկու տարի. թէ՛ ես և թէ՛ իմ եղբայրներս իշխանութեան ռոճիկը չառինք*: 15Բայց ինծմէ առաջ եղող նախորդ իշխանները ժողովուրդին բեռ կ՚ըլլային, ու անոնցմէ հաց ու գինի կ՚առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէն զատ. անոնց ծառաներն ալ ժողովուրդին բռնութիւն կ՚ընէին. բայց ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի: 16Ու նաև այս պարսպին գործին մէջ աշխատեցայ, ու մենք արտ ծախու չառինք. և իմ բոլոր ծառաներս հոն ժողվուած էին այն գործին համար: 17Ու Հրեաներէն ու ոստիկաններէն հարիւր յիսուն մարդ, ու շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները իմ սեղանէս կ՚ուտէին: 18Եւ ամէն օրուան ծախքս այս էր. արջառ մը ու վեց ընտիր ոչխար, և ինծի համար թռչուններ ալ կը պատրաստուէին, ու տասը օրը անգամ մը առատութեամբ ամէն տեսակ գինիէն կ՚ելլէր. այսու ամենայնիւ իշխանութեան ռոճիկը չպահանջեցի, վասն զի այս ժողովուրդին վրայ եղած ծառայութիւնը ծանր էր: 19Ով Աստուած իմ, այս ժողովուրդին բոլոր ըրածներուս համեմատ զիս ի բարին յիշէ: