Նէեմիայի գիրք
1
Նէեմիայի մտահոգութիւնը Երուսաղէմի համար
1Աքազիայի որդւոյն Նէեմիայի խօսքերը: Ու եղաւ որ Քասղև ամսուն մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի, 2Անանի անունով եղբայրներէս մէկը, ու քանի մը Յուդայի մարդիկ ինծի եկան. և անոնց՝ գերութենէ ազատուած ու մնացած Հրեաներուն վրայով ու Երուսաղէմի վրայով հարցուցի: 3Եւ ինծի ըսին, Գերութենէ ազատուած մնացածները հոն գաւառին մէջ մեծ նեղութեան ու անարգութեան մէջ են, ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած և անոր դռները կրակով այրուած են: 4Ու երբ ես այս խօսքերը լսեցի, նստայ լացի. ու քանի մը օր սուգ բռնեցի, և ծոմ պահելով երկինքի Աստուծոյն առջև աղօթք ըրի, 5Ու ըսի, Ոհ, Տէր Աստուած երկնից, որ մեծ ու ահեղ Աստուած ես, ու քեզ սիրողներուն և քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես. 6Կ՚աղաչեմ, քու ականջներդ թող մտիկ ընեն, ու աչքերդ բաց ըլլան, որպէս զի լսես քու ծառայիդ աղօթքը զոր քու ծառաներուդ, Իսրայէլի որդիներուն, համար, հիմա ցորեկ ու գիշեր քեզի կը մատուցանեմ, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքը, որով քեզի դէմ մեղանչեցինք. քանզի թէ՛ ես և թէ՛ իմ հօրս տունը մեղք գործեցինք: 7Արդարև մենք քու առջևդ անօրէնութիւններ ըրինք, ու քու ծառայիդ Մովսէսի տուած պատուիրանքներդ, կանոններդ ու դատաստաններդ չպահեցինք: 8Սակայն, կ՚աղաչեմ, յիշէ այն խօսքը, զոր քու ծառայիդ Մովսէսի պատուիրեցիր՝ ըսելով, Եթէ յանցանք ընէք, ես ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ. 9Իսկ եթէ ինծի դառնաք, ու իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք կատարէք, ձեզմէ ցրուածները թէև երկրի ծայրը ըլլան, զանոնք անկէ պիտի ժողվեմ, ու այն տեղը պիտի տանիմ՝ զոր ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար: 10Եւ հիմա անոնք քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են: 11Ոհ, Տէր, հիմա քու ծառայիդ աղօթքը, ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը քու ականջդ թող լսէ. և այսօր քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր, ու այս մարդուն առջև ինծի շնորհք գտնել տուր: Վասն զի ես թագաւորին մատռուակն էի: