Ավետարան ըստ Ղուկասի
19
Յիսուս և Զաքէոս
1Եւ մտնելով Երիքովի մէջէն կ’անցնէր: 2Եւ ահա մարդ մը կար, անունը Զաքէոս ըսուած, որ մաքսապետ էր ու ինք հարուստ էր: 3Եւ կ’ուզէր տեսնել թէ ո°վ է Յիսուս, ու բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր: 4Եւ առաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, վասն զի անկէ պիտի անցնէր: 5Ու երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ, ու ըսաւ անոր, Զաքէոս, շուտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի պէտք է ինծի այսօր քու տունդ կենալ: 6Եւ արտորալով վար իջաւ, և ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա: 7Երբ ամէնն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու: 8Եւ Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը, Տէր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ, ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր: 9Եւ Յիսուս ըսաւ անոր, Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է: 10Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ:
Մնասներուն առակը
11Ու երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն համար, և անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի: 12Ուստի ըսաւ, Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց` իրեն թագաւորութիւն առնելու և դառնալու: 13Եւ իր տասը ծառաները կանչելով` տասը մնաս տուաւ անոնց, ու ըսաւ անոնց, Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ: 14Եւ անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին, ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ: 15Ու եղաւ որ երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչել տուաւ այն ծառաները որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ ո°վ ի°նչ շահ ըրած է: 16Եւ առաջինը եկաւ ու ըսաւ, Տէր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ: 17Եւ ըսաւ անոր, Ապրիս, բարի ծառայ. որովհետև քիչ բանին մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր: 18Ու երկրորդը եկաւ ու ըսաւ, Տէր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ: 19Եւ ըսաւ անոր, Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր: 20Եւ ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ, Տէր, ահա քու մնասդ` զոր թաշկինակի մէջ ծրարած կը պահէի. 21Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես: 22Եւ անիկա ըսաւ անոր, Քու բերնէդ քեզ պիտի դատեմ, ով չար ծառայ. գիտէիր որ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ: 23Եւ ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա: 24Եւ հոն կայնողներուն ըսաւ, Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի. 25(Եւ ըսին իրեն, Տէր անիկա տասը մնաս ունի.) 26Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ամէն ունեցողին պիտի տրուի, և չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի: 27Բայց այն իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք: 28Եւ այս բաները խօսելէն ետեւ` յառաջ գնաց Երուսաղէմ ելլելու:
Յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
29Ու եղաւ որ երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ` դէպ ի այն լեռը որ Ձիթենիաց լէռ կ’ըսուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, 30Եւ ըսաւ, Գացէք մէր դիմացի գեղը, և անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք: 31Եւ եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ Ինչո՞ւ կ’արձակէք, այսպէս ըսէք անոր, թէ Տէրոջը պէտք է: 32Երբ գացին անոնք, որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց զրուցէր էր` գտան: 33Ու երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց, Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը: 34Անոնք ալ ըսին, Տէրոջը պէտք է: 35Եւ զանիկա Յիսուսի բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով` Յիսուսը հեծցուցին: 36Ու երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին: 37Ու երբ ա°լ մօտեցաւ, և Ձիթենեաց լեռանը զառ ի վայրէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով` այն բոլոր հրաշքներուն համար զորոնք տեսեր էին. 38Ու կ’ըսէին, Օրհնեալ է այդ թագաւորը որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկինքի մէջ խաղաղութիւն, ու փառք` բարձրութեան մէջ: 39Եւ բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր, Վարդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ: 40Եւ անիկա պատասխան տուաւ և ըսաւ անոնց, Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն:
Յիսուս կու լայ Երուսաղէմի վրայ
41Ու երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով` լացաւ անոր վրայ և ըսաւ, 42Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ: 43Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ` որ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն, ու քեզ պիտի պաշարեն, և ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն. 44Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու քու մէջդ եղած զավակներդ, և քար մը քարի վրայ ամենեւին պիտի չթողուն քու մէջդ, անոր համար որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը:
Յիսուս տաճարը կ’երթայ
45Եւ տաճարը մտնելով` սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները և գնողները: 46Եւ ըսաւ անոնց, Գրուած է թէ Իմ տունս աղօթքի տուն է. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք: 47Եւ ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. բայց քահանայապետները ու դպիրները և ժողովուրդին գլխաւորները կը փնտռէին թէ ի°նչպէս կորսնցնեն զանիկա: 48Ու բան մը չէին կրնար գտնել թէ ի°նչ ընեն, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էին մտիկ ընելու: