Ավետարան ըստ Ղուկասի

17

Մեղք

1Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն, Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան: 2Անոր աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի, ու անիկա ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ: 3Զգուշացէք ձեր անձերուն: Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա. ու եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր: 4Եւ եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ, ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ, Կ’ապաշխարեմ, ներես անոր:

Հաւատք

5Եւ առաքեալները ըսին Տէրոջը, Մեր հաւատքը աւելցուր: 6Եւ Տէրը ըսաւ, Եթէ մանանեխի հատի չափ ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել, Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի:

Ծառայի մը պարտականութիւնը

7Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը` որ ունենայ երկրագործ կամ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն մտնէ, շուտով զրուցէ անոր թէ Անցիր նստէ: 8Հապա չը՞սեր անոր թէ Պատրաստէ իմ ընթրիքս, ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչև ես ուտեմ ու խմեմ, ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ: 9Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելու համար. չեմ կարծեր: 10Նոյնպէս դուք երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք թէ Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի զայն որ պարտական էինք ընելու` ըրինք:

Յիսուս տասը բորոտ կը բժշկէ

11Ու եղաւ որ երբ ինք կ’երթար, Սամարիայի և Գալիլեայի մէջտեղէն կ’անցնէր: 12Ու երբ գեղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան: 13Եւ ձայներնին վերցուցին ու ըսին, Յիսուս վարդապետ, ողորմէ մեզի: 14Եւ տեսնելով` անոնց ըսաւ, Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք. ու եղաւ որ երբ կ’երթային, մաքրուեցան: 15Եւ անոնցմէ մէկը երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով կու տար Աստուծոյ. 16Ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով` շնորհակալ կ’ըլլար անոր. և ինք Սամարացի էր: 17Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ, Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն իննը ո՞ւր են. 18Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն` որ դառնալով Աստուծոյ փառք տան: 19Եւ ըսաւ անոր, Ելիր գնա, քու հաւատքը քեզ բժշկեց:

Թագաւորութեան գալուստը

20Ու երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ, պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ, Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսուանց երևցած բաներով չգար: 21Ու պիտի չըսեն թէ Ահա հոս է, կամ Ահա հոն, վասն զի ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է: 22Աշակերտներուն ալ ըսաւ, Օրեր պիտի գան որ դուք Որդւոյ մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք, ու պիտի չտեսնէք: 23Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ Ահա հոս է, կամ Ահա հոն, մի երթաք ու անոնց մի հետևիք: 24Վասն զի ինչպէս փայլակը երկինքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով` մինչև երկինքին տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը: 25Միայն թէ պէտք է որ ինք առաջ շատ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն: 26Եւ ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդւոյ մարդոյ օրերն ալ: 27Կ’ուտէին, կը խմէին, կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչև այն օրը որ տապանը մտաւ, և ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնը կորսնցուց: 28Նմանապէս, ինչպէս Ղովտի օրերը եղաւ, կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. 29Բայց այն օրը որ Սոդոմէ ելաւ, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց և բոլորն ալ կորսնցուց. 30Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը որուն մէջ Որդին մարդոյ պիտի յայտնուի: 31Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է և իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու. և ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ: 32Միտքերնիդ բերէք Ղովտի կինը: 33Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել` պիտի կորսնցնէ զանիկա, և ով որ կը կորսնցնէ` պիտի ապրեցնէ զանիկա: 34Ձեզի կ’ըսեմ, Այն գիշերը եթէ երկու մէկ անկողինին մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 35Եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. և եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի: 36Եւ պատասխան տալով ըսին անոր, Տէր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը: 37Ան ալ ըսաւ անոնց, Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)