Ղևտացիների գիրք

6

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Եթէ անձ մը մեղանչէ, ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը ընէ, և իր դրացիին ստութիւն խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար, և կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ. 3Կամ կորսուած բան մը գտնէ, և ուրանալով սուտ տեղ ընէ, բոլոր այս բաներէն մէկուն մէջ զոր մարդ կրնայ ընել, մեղանչելու ըլլայ: 4Այն ատեն գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակած բանը, կամ խարդախութեամբ բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պիտի տայ. 5Կամ ամէն բան, որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պիտի հատուցանէ, ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ, և իր յանցանքի պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պիտի տայ: 6Եւ իր յանցանքի պատարագը Տէրոջը պիտի բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու արժեցուցածիդ համեմատ, քահանային պիտի բերէ յանցանքի պատարագի համար: 7Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն պիտի ընէ Տէրոջը առջև. և ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն պիտի ըլլայ անոր:

Ողջակիզում

8Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 9Պատուիրէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն և ըսէ, Ողջակէզին օրէնքը այս է. ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչև առտու սեղանը եղած կրակին վրայ պիտի ըլլայ, ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառած պիտի մնայ: 10Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը պիտի հագնի, ու իր քթանէ վարտիքը մարմինին վրայէն հագնի, և կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն պիտի վերցնէ, ու սեղանին քով դնէ: 11Եւ իր զգեստները պիտի հանէ, և ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը պիտի հանէ: 12Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառած պիտի ըլլայ ու պիտի չմարի. և քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ, ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ, և անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը պիտի այրէ: 13Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառած պիտի ըլլայ ու պիտի չմարի: 14Եւ հացի ընծային օրէնքը այս է. Ահարոնի որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը առջև՝ սեղանին առջև: 15Եւ իր ձեռքը լեցուն անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն, ու անոր իւղէն, և հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկը պիտի վերցնէ, և անոր յիշատակը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը: 16Եւ անկէ մնացածը ու անոր որդիները պիտի ուտեն. անխմոր հացեր շինուելով՝սուրբ տեղը պիտի ուտուի այն. ժողովքի խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն: 17Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. ասիկա մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է: 18Ահարոնի որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական ըլլայ այս. ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ: 19Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 20Ահարոնի ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցանելու զոհերնին այս է. արդուին տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օր հացի ընծայի համար, պիտի մատուցուի , կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը: 21Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պիտի շինուի. բաղադրեալ պիտի բերես զայն, և հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես: 22Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի: 23Եւ քահանային ամէն հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի, պիտի չուտուի:

Մեղքի պատարագ

24Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 25Խօսէ Ահարոնի ու անոր որդիներուն և ըսէ, Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է. Ողջակէզին մորթուած տեղը պիտի մորթուի մեղքի պատարագը Տէրոջը առջև. այս ամենասուրբ է: 26Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը, ժողովքի խորանին սրահը, պիտի ուտուի. 27Ինչ որ անոր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ. և եթէ անոր արիւնէն հանդերձի մը վրայ ցաթքէ, սուրբ տեղը պիտի լուաս զայն՝ որուն վրայ ցաթքեր էր: 28Եւ հողէ ամանը որուն մէջ եռացուցուած է այս միսը , պիտի կոտրուի. ու եթէ պղնձէ ամանի մէջ եռացուցուած ըլլայ, պիտի շփուի ու ջրով լուացուի: 29Քահանաներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զանիկա. այս ամենասուրբ է: 30Եւ ամէն մեղքի ՝ որուն արիւնէն ժողովքի խորանը կը բերուի սուրբ տեղին մէջ քաւութիւն ընելու համար, պիտի չուտուի, կրակով պիտի այրուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)