Ղևտացիների գիրք
5
Մեղքի պատարագ պահանջող պարագաներ
1Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ, ու երդումի ձայնը լսելով վկայ ըլլայ, կամ բանը տեսած ըլլայ կամ գիտցած, եթէ չիմացնէ, իր յանցանքը պիտի կրէ: 2Կամ անձ մը անմաքուր բանի մը կամ անմաքուր գազանի մը դիին կամ անմաքուր անասունի մը դիին կամ անմաքուր սողունի մը դիին դպչելու ըլլայ, թէպէտև չգիտնալով, անիկա անմաքուր ու յանցաւոր պիտի սեպուի : 3Կամ մարդու անմաքրութեան, որեւիցէ պիղծ ընող անմաքրութեան, դպչելու ըլլայ չգիտնալով, ինք զայն գիտցած ատեն յանցաւոր պիտի ըլլայ: 4Կամ անձ մը չարիք կամ բարիք ընելու համար բերնովը անխորհուրդ զրուցելով երդում ընելու ըլլայ, (ինչպէս մարդիկ երդումով անխորհուրդ կը զրուցեն,) եթէ չգիտնալով ըլլայ, ինք զայն գիտցած ատեն ասոնց մէկուն մէջ յանցաւոր պիտի ըլլայ: 5Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի. 6Եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար պիտի բերէ Տէրոջը. ու քահանան քաւութիւն ընէ անոր իր մեղքին համար: 7Եւ եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագեր պիտի բերէ Տէրոջը, մէկը մեղքի պատարագ, և միւսը ողջակէզ ըլլալու համար: 8Եւ քահանային պիտի բերէ զանոնք, ու անիկա նախ պիտի մատուցանէ մէկը՝ որ մեղքի պատարագ է, և անոր գլուխը իր վիզէն չզատելով փրցնէ. 9Եւ մեղքի պատարագին արիւնէն սեղանին մէկ քովը պիտի սրսկէ, ու մնացած արիւնը սեղանին յատակը պիտի քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ է. 10Եւ միւսը ըստ օրինի ողջակէզ պիտի ընէ. ու քահանան անոր քաւութիւն ընէ իր ըրած մեղքին համար, և անոր թողութիւն ըլլայ: 11Եւ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագեր բերելու կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը տասներորդ մասը բարակ ալիւր պիտի բերէ մեղքի պատարագի համար. ոչ անոր վրայ իւղ պիտի դնէ, ոչ ալ վրան կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն: 12Եւ քահանային պիտի բերէ զայն, ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր յիշատակին համար առնէ, ու սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը պատարագներուն հետ. մեղքի պատարագ է այն: 13Եւ քահանան քաւութիւն պիտի ընէ անոր՝ այս բաներուն մէկուն մէջ ըրած մեղքին համար, ու անոր թողութիւն ըլլայ. և մնացածը հացի ընծայի պէս քահանային պիտի ըլլայ:
Հատուցման պատարագ
14Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 15Եթէ անձ մը յանցանք մը ընէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն մէջ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար սրբարանին սիկղին համեմատ՝ քու արժեցուցածիդ չափ սիկղի արծաթով հօտերէն անարատ խոյ մը պիտի բերէ Տէրոջը: 16Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը պիտի հատուցանէ, ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ, և քահանային տայ զայն. ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր, և թողութիւն ըլլայ անոր: 17Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ, ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, թէև անգիտութեամբ, անիկա յանցաւոր է, ու իր անօրէնութինը պիտի կրէ: 18Եւ քու արժեցուցածիդ պէս՝ յանցանքի պատարագի համար հօտերէն անարատ խոյ մը պիտի բերէ քահանային. ու քահանան անոր համար քաւութիւն պիտի ընէ՝ անոր անգիտութեամբ սխալելուն համար. և անոր թողութիւն պիտի ըլլայ: 19Ասիկա յանցանքի պատարագ է. անիկա անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջը առջև: