Ղևտացիների գիրք

21

Քահանաներու սրբութիւնը

1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Խօսէ Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, ու ըսէ անոնց, Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. 2Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրը ու իր հօրը և իր որդւոյն ու իր աղջկան և իր եղբօր համար, 3Եւ իր կոյս քրոջ համար որ մօտ է իրեն ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլալ: 4Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր պիտի չըլլայ ինքզինք պղծելով: 5Անոնք գլուխնին փետելով կնտակ պիտի չընեն, և իրենց մօրուքին եզերքը չածիլեն, ու իրենց մարմինին վրայ կտրածներ չընեն: 6Սուրբ պիտի ըլլան իրենց Աստուծոյն. և իրենց Աստուծոյն անունը չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագները ու իրենց Աստուծոյն հացը անոնք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պիտի ըլլան: 7Պոռնիկ կամ պղծուած չառնեն, և իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն: 8Ուստի պիտի սրբես զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը անիկա կը մատուցանէ. անիկա սուրբ պիտի ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ: 9Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը կը պղծէ. անիկա կրակով պիտի այրուի: 10Եւ իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է, ու զգեստները հագնելու օրհնուած, իր գլուխը պիտի չբանայ, և իր լաթերը չպատռէ, 11Եւ մեռած մարդու մը քով չերթայ, ոչ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ: 12Եւ սրբարանէն դուրս չելլէ, ու իր Աստուծոյն սրբարանը չպղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է. ես եմ Տէրը: 13Եւ անիկա կոյս մը իրեն կին պիտի առնէ. 14Որբեւարի կամ արձակուած կամ պըղծուած կամ բոզ չառնէ. հապա կին ըլլալու համար իր ժողովուրդէն կոյս մը առնէ, 15Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա: 16Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 17Խօսէ Ահարոնի ու ըսէ, Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունի, թող չմօտենայ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու. 18Վասն զի բնաւ արատ ունեցող մարդ մը պիտի չմօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը*, 19Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, 20Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքինոտը, կամ փոշտանկը. 21 քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պիտի չմօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պիտի չմօտենայ: 22Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ ամենասուրբ բաներէն և թէ՛ սուրբ բաներէն. 23Միայն վարագուրին քով պիտի չմտնէ, և սեղանին չմօտենայ, վասն զի արատ ունի, ու իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը ես եմ: 24Եւ խօսեցաւ այս բաները Ահարոնի ու անոր որդիներուն և Իսրայէլի բոլոր որդիներուն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)