Երեմիայի մարգարեյի ողբերը

4

Երուսաղէմ՝ անկումէն յետոյ

1Ոսկին ի՜նչպէս իր գոյնը կորսնցուց, ու մաքուր ոսկին փոխուեցաւ. Սրբարանին քարերը ամէն փողոցներուն գլուխը թափուեցան: 2Սիօնի պատուական տղաքները, որոնք ընտիր ոսկիի հաւասար էին, Ի՜նչպէս բրուտի ձեռքով շինուած խեցեղէն ամաններու պէս սեպուեցան: 3Վիշապները անգամ ծիծերնին կը հանեն ու իրենց լակոտներուն կաթ կու տան. Իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլեամներուն պէս անգութ եղաւ: 4Կաթնկերին լեզուն ծարաւութենէն իր քիմքին փակաւ. Տղաքները ուզեցին, բայց անոնց ջարդող չկար: 5Ազնիւ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ յուսակտուր մնացին. Կարմիր հագուստներով մեծցողները աղբանոցներ գրկեցին: 6Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնութիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ. Որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ` առանց մէկուն ձեռքերուն անոր դպչելուն: 7Անոր ազնուականները ձիւնէն մաքուր, կաթէն ճերմակ էին. Անոնց մարմինը յակինթներէն կարմիր էր, անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր: 8Անոնց դէմքը ածուխէն աւելի սև եղաւ, ու փողոցներուն մէջ չեն ճանչցուիր. Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն փակաւ, չորցաւ ու փայտի պէս եղաւ: 9Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին, Վասն զի ասոնք ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան: 10Ողորմած կիներուն ձեռքերը իրենց տղաքը եփեցին, Իմ ժողովուրդիս աղջկան կոտորածին ատենը անոնց կերակուր եղան: 11Տէրը իր սրտմտութիւնը կատարեց, իր սաստիկ բարկութիւնը թափեց. Եւ Սիօնի մէջ կրակ բռնկցուց, որ անոր հիմերը կերաւ: 12Երկրի թագաւորները ու աշխարհի բոլոր բնակիչները չհաւատացին Թէ հակառակորդը ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնէ: 13Անոր մարգարէներուն մեղքերէն, անոր քահանաներուն անօրէնութիւններէն, Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին, 14Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով պըղծուեցան. Այնպէս որ մարդ մը կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ: 15Անոնց կը կանչէին, Ետ քաշուեցէք, ով պիղծեր*, ետ քաշուեցէք, ետ քաշուեցէք, մի դպչիք. Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերուն մէջ ըսուեցաւ, Անոնք մէյմըն ալ հոս չբնակին: 16Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անոնց մէյմըն ալ չնայիր, Քահանաներուն երեսին պատիւ չըրին, ծերերուն գթութիւն չըրին: 17Մեզի ըլլալու օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչև հիմա աչքերնիս մաշեցան. Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը` որ չէր կրնար մեզ ազատել: 18Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպըտտինք. Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ: 19Մեզ հալածողները երկինքի արծիւներէն արագընթաց եղան. Մեզ լեռներու վրայ սաստիկ հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան: 20Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բըռնուեցաւ, Որու համար մենք կ’ըսէինք, Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք: 21Ցնծա և ուրախ եղիր, ով Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս. Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես: 22Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ով Սիօնի աղջիկ, քեզ մէյմըն ալ գերի պիտի չքշէ. Քու անօրէնութեանդ այցելութիւն պիտի ընէ, ով Եդովմի աղջիկ. քու մեղքերդ պիտի յայտնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)