Հեսույի գիրք

13

Դեռ չառնուած երկիրներ

1Ու երբ ծերացաւ ու տարիքը առաւ, Տէրը անոր ըսաւ, Դուն ծերացար ու տարիքդ առիր. և տակաւին խիստ շատ մնաց ժառանգելու. 2Մնացած երկիրը ասիկա է. Փղշտացւոց ամէն սահմանները, ու բոլոր Գեսուրը, 3Եգիպտոսի դիմաց եղող Սիովրէն մինչև Քանանացւոցը սեպուած Ակկարոնի սահմանին հիւսիսային կողմը, Փղշտացւոց հինգ նախարարութիւնները, այսինքն Գազացւոց, Ազովտացւոց, Ասկաղոնացւոց, Գեթացւոց ու Ակկարոնացւոց, նաև Աւացւոց երկիրը: 4Հարաւային կողմէն՝ Քանանացւոց բոլոր երկիրը ու Սիդոնացւոց Մէարան, մինչև Ափէկ ու մինչև Ամօրհացւոց սահմանը. 5Եւ Գեբաղացւոց երկիրը ու արևելեան կողմէն բոլոր Լիբանան, Հերմոն լեռան տակ եղող Բաաղգադէ մինչև Եմաթի մուտքը, 6Բոլոր լեռնաբնակները՝ Լիբանանէ մինչև Մասրեփօթ-մայիմ, բոլոր Սիդոնացիները. զանոնք Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն ես պիտի վռնտեմ. միայն թէ դուն Իսրայէլի ժառանգութիւն բաժնէ այն երկիրը, ինչպէս քեզի պատուիրեցի։

Յորդանանի արևելքի երկրին բաժանումը

7Եւ հիմա այս երկիրը ժառանգութիւն բաժնէ ինը ցեղին, ու Մանասէի կէս ցեղին. 8Քանզի Ռուբենեանք ու Գադեանք անոր միւս կէսին հետ առին իրենց ժառանգութիւնը զոր Յորդանանու անդիի կողմը դէպ ի արևելք անոնց տուաւ, Տէրոջը ծառային Մովսէսի տուածին պէս. 9Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէն, ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդարայի բոլոր դաշտովը, մինչև Դեբոն. 10Ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին բոլոր քաղաքները, մինչև Ամմոնի որդիներուն սահմանը. 11Եւ Գաղաադը ու Գեսուրացւոց ու Մաքաթացւոց սահմանը և բոլոր Հերմոն լեռը ու բոլոր Բասանը մինչև Սելքա. 12Բասանի մէջ Ովգի բոլոր թագաւորութիւնը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը թագաւորէր. և հսկաներուն մնացորդէն անիկա մնացեր էր. բայց Մովսէս զանոնք զարկաւ ու վռնտեց։ 13Եւ Իսրայէլի որդիները Գեսուրացիները ու Մաքաթացիները չվռնտեցին. և Գեսուրացիները ու Մաքաթացիները մինչև այսօր Իսրայէլի մէջ բնակեցան։ 14Միայն Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ, անոր ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն մատուցուած պատարագներն են, ինչպէս անոր ըսեր էր։

Ռուբէնին յատկացուած երկիրը

15Եւ Մովսէս Ռուբէնի որդիներուն ցեղին, անոնց ազգատոհմներուն համեմատ, ժառանգութիւն տուաւ. 16Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ. Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէն ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի քով եղած բոլոր դաշտը, 17Եսեբոն ու անոր բոլոր դաշտային քաղաքները, Դեբոն, Բամօթ- ու Բեթբէէլմօն, 18Եւ Յասսա, ու Կադեմօթ, ու Մեփայաթ, 19Եւ Կարիաթեմ, ու Սեբամա, և Սարեթ-սահառ Եմակ լեռան վրայ, 20Ու Բեթփեգովր, և Ասեդովթ-փասգա, ու Բեթեսիմօթ, 21Եւ դաշտին ամէն քաղաքները, ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, զոր Մադիամու իշխանները, Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը ու Ռօբէն, այն երկրին մէջ բնակող Սեհոնի նախարարները, Մովսէս զարկաւ։ 22Եւ Իսրայէլի որդիները Բէովրեան Բաղաամ հարցուկն ալ սրով մեռցուցին միւս սպաննուածներուն հետ։ 23Ու Ռուբէնի որդիներուն սահմանը Յորդանան և անոր սահմանը եղաւ. Ռուբէնի որդիներուն ազգատոհմներուն ժառանգութիւնը ասիկա է, այս քաղաքները ու ասոնց գեղերը։

Գադին յատկացուած երկիրը

24Եւ Մովսէս Գադի ցեղին, Գադի որդիներուն, իրենց ազգատոհմներուն համեմատ ժառանգութիւն տուաւ։ 25Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ. Յազեր ու բոլոր Գաղաադի քաղաքները, և Ամմոնի որդիներուն երկրին կէսը մինչև Արոէր, որ Ռաբբայի դիմաց է։ 26Ու Եսեբոնէ մինչև Մասփայի Ռամովթը ու Բոտանիմ, և Մանայիմէ մինչև Դաբիրի սահմանը. 27Ու հովիտի մէջ՝ Բեթարամ ու Բեթնամբա, Սոկքովթ ու Սափոն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին թագաւորութեան մնացորդը, Յորդանան ու անոր սահմանը, մինչև Քեներեթի ծովուն եզերքը, Յորդանանու անդիի կողմը դէպ ի արեւելք։ 28Գադի որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց ազգատոհմներուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքները ու ասոնց գեղերը։

Մանասէին կէս ցեղին յատկացուած երկիրը

29Եւ Մովսէս Մանասէի կէս ցեղին ալ ժառանգութիւն տուաւ, որ Մանասէի որդիներուն կէս ցեղին եղաւ իրենց ազգատոհմներուն համեմատ. 30Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ. Մանայիմէ՝ Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, բոլոր , ու Բասանի մէջ եղող Յայիրի բոլոր գիւղաքաղաքները, վաթսուն : 31Ու Գաղաադի կէսը, և ու Եդրայի, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութեան քաղաքները, Մանասեան Մաքիրի որդիներուն եղան, այսինքն Մաքիրի որդիներուն կէսին՝ իրենց ազգատոհմներուն համեմատ։ 32Ասոնք են այն քաղաքները, զորոնք Մովսէս Մովաբի դաշտերուն մէջ՝ Երիքովի դիմաց Յորդանանու անդիի կողմը դէպ ի արեւելք ժառանգութիւն տուաւ։ 33Բայց Մովսէս Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոնց ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուածն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)