Հոբի գիրք
6
1Եւ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր, Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր: 3Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլար. Անոր համար իմ խոսքերս կը հատնին: 4Որովհետև Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են, Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ. Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են: 5Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞. Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞. 6Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթի ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք: 7Այն բաները` որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ, Իմ զազրալի կերակուրս եղան: 8Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր, Ու տար Աստուած այն բանը` որու կը սպասեմ, 9Այսինքն թէ Աստուած զիս ճնշելու հաւանէր, Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր: 10Բայց տակաւին այս մխիթարութիւնը պիտի ունենամ, Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Որ ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ: 11Ոյժս ի՞նչ է` որ դիմանամ, Ու վախճանս ի՞նչ է` որ կեանքս երկնցնեմ: 12Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է. 13Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ, Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինծմէ, 14Թշուառութեան մէջ եղողին իր բարեկամին կարեկցութիւնը պետք է. Բայց անիկա Ամենակարողին վախը մէկդի թողուց: 15Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբէութիւն ըրին ինծի, Ձորերու հեղեղատներու պէս` որոնք կ’անցնին. 16Որոնք սառէն պղտորած են, Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի* 17Տաքը տեսածնուն պէս կը ցամքին, Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան: 18Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն, Բայց դատարկ ելլելով` կը կորսուին. 19Թեմայի կարաւանները նայեցան, Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացան. 20Յուսալնուն համար ամչցան, Իրենց հոն գացած ատենը կարմրեցան: 21Արդարև ինծի անօգուտ եղաք, Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք: 22Ես ձեզի ըսի՞ որ ինծի բերէք, Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի. 23Կամ թէ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք, Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք: 24Սորվեցուցէք ինծի` ու լուռ պիտի կենամ. Ու հասկցուցէք ինծի` թէ ի°նչ բանի մէջ սխալեր եմ: 25Ուղիղ խօսքերը ո¯րչափ զօրաւոր են. Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ: 26Արդեօք խօսքե՞ր յանդիմանել կը մտածէք. Յուսահատին խօսքերը հով են: 27Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք, Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք: 28Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ. Եթէ սուտ կը խօսիմ, յայտնի է ձեզի: 29Դարձէք, կ’աղաչեմ, ու անիրաւութիւն չըլլայ. Այո, դարձէք. քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի: 30Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս չար բաները չը՞ կրնար զանազանել: