Հոբի գիրք
40
1Եւ Տէրը Յոբի խօսելով` ըսաւ, 2Արդ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ: 3Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով` ըսաւ, 4Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ: 5Մէկ անգամ խօսեցայ, ալ պատասխան պիտի չտամ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ: 6Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբի պատասխան տալով` ըսաւ, 7Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ, Քեզի հարցնեմ, ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացուր: 8Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս, Քեզ արդարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես: 9Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս, Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ: 10Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ, Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ: 11Բարկութեանդ եռանդը տարածէ, Եւ ամէն հպարտին նայէ ու զանիկա խոնարհեցուր: 12Ամէն հպարտին նայէ ու զանիկա նուաճէ, Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ: 13Անոնց ամէնն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ, Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ: 14Այն ատեն ես ալ քեզի կը խոստովանիմ, Որ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել: 15Ահա Բեհեմովթը զոր քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ: 16Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է, Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ: 17Պոչը կ’երերցնէ եղևինի պէս. Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են: 18Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ* են, Անոր ոսկորները երկաթէ նիգերու պէս են: 19Աստուծոյ ճարտար գործը անիկա է. Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել*: 20Արդարև անոր պաշար կը բերեն լեռները, Ուր դաշտի գազանները կը խաղան: 21Անիկա հովանաւոր ծառերուն տակ, Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի: 22Հովանաւոր ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա, Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են: 23Եթէ գետը առատանայ, անիկա չվախնար. Թէև Յորդանան անոր բերանին վրայ դիմելու ըլլայ, հանդարտ կը կենայ: 24Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞. Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել*: