Հոբի գիրք
4
Առաջին խօսակցութիւն
1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, 2Պիտի դժուարի՞ս արդեօք` եթէ սկսինք քեզի խօսիլ. Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել որ չխօսի: 3Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր, Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր: 4Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին, Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր. 5Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարեցար. Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար: 6Միթէ աստուածպաշտութիւնդ քու յոյսդ չէ՞, Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը` քու ակնկալութիւնդ: 7Աղէ, միտքդ բեր, ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ, Եւ ո՞ւր տեղ արդարները բնաջինջ եղան: 8Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն. 9Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին, Ու անոր ռնգունքին հովէն բնաջինջ կ’ըլլան: 10Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը և մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին: 11Առիւծը առանց որսի կը կորսուի, Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին: 12Եւ ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ, Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ: 13Գիշերուան տեսիլքներուն պէս խորհուրդներուն ատենը` Երբ խորունկ քուն մը մարդոց վրայ կ’իջնէ, 14Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց: 15Առջևէս ոգի մը անցաւ, Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան. 16Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջև երևոյթ մը կար. Լռութիւն եղաւ, ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր, 17Միթէ մարդը Աստուծմէ արդար կ’ըլլա՞յ. Մարդը իր Արարիչէն մաքուր կ’ըլլա՞յ. 18Ահա անիկա իր ծառաներուն չհաւատար, Ու իր հրեշտակներուն վրայ ալ պակասութիւն կը գտնէ. 19Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք` որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է, և որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին: 20Անոնք առտուընէ մինչև իրիկուն կը ճնշուին, Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան: 21Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի. Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու: