Հոբի գիրք

35

1Դարձեալ Եղիուս իր խօսքերը շարունակելով` ըսաւ, 2Արդեօք իրաւունքո՞վ ըլլալ կը կարծես ասիկա, Որ ըսիր թէ Ես Աստուծմէ աւելի արդար եմ: 3Քանզի դուն ըսիր, Քեզի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ. Մեղքէս աւելի ի՞նչ կը վաստկիմ: 4Ահա ես քեզի պատասխան կու տամ, Նաև քեզի հետ քու բարեկամներուդ: 5Երկինք նայէ ու տես. Ամպերը դիտէ, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են: 6Եթէ դուն գործես, Անոր դէմ ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս, Ու երբ քու անօրէնութիւններդ շատնան, Անոր ի՞նչ կ’ընես: 7Եթէ արդար ես, Անոր ի՞նչ կու տաս, Կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ: 8Քու ամբարշտութիւնդ քեզի պէս մարդուն` Ու արդարութիւնդ մարդու որդիին կը զօրէ: 9Անիրաւութիւններուն շատութենէն կը բողոքեն, Բռնաւորներուն բազուկին համար կ’աղաղակեն: 10Բայց մէ՛կը չըսեր թէ Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է, Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ, 11Ան որ մեզ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն, Ու երկինքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ: 12Հոն չարերուն հպարտութեանը համար կ’աղաղակեն, Բայց պատասխան չտար*: 13Արդարև Աստուած ունայնութիւն մտիկ չըներ, Ու Ամենակարողը անոր չնայիր: 14Ու թէև կ’ըսես թէ Զանիկա չես տեսներ, Բայց կայ անոր առջև, ու անոր յուսա: 15Եւ հիմա իր բարկութեանը ըրածը բան մը չէ, Ու անօրէնութիւնը սաստիկ քննած չէ. 16Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը բանալով` Անգիտութեամբ խօսքեր կը շատցնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)