Հոբի գիրք

3

Յոբին տրտունջը Աստուծոյ

1Անկէ ետև Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց: 2Եւ Յոբ խօսեցաւ ու ըսաւ, 3Կորսուի այն օրը որուն մէջ ես ծնայ, Ու այն գիշերը որուն մէջ ըսին թէ Արու զաւակ մը ծնաւ: 4Այն օրը խաւար ըլլայ, Ու չփնտռէ զանիկա վերէն, Ու երբէք լոյս չծագի անոր վրայ: 5Խաւարը ու մահուան շուքը իրենց սեպհականեն* զանիկա. Ամպը ծածկէ զանիկա. Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա: 6Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ. Անիկա տարուան օրերուն հետ չմիաւորուի*, Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի: 7Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ, Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ: 8Թող անիծեն զանիկա օրը անիծողները, Որոնք պատրաստ են վիշապը արթնցնելու: 9Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան. Լոյսին սպասէ ու չունենայ. Ու արշալոյսին ճառագայթները չտեսնէ. 10Վասն զի իմ մօրս արգանդին դռները չգոցեց, Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց: 11Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդէն չմեռայ, Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ: 12Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս, Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի որ ես ծծեմ: 13Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի. Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի` 14Իրենց համար աւերակներ շինող Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ, 15Կամ ունեցող իշխաններուն հետ, Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնեն. 16Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի, Այն երախաներուն պէս` որոնք երբէք լոյս չտեսան: 17Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին, Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան: 18Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին, Ու ալ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը: 19Պզտիկը ու մեծը հոն են. Ծառան ալ իր տէրոջմէն ազատ է: 20Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին լոյս` Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի, 21Որոնք մահուան կը սպասեն, ու անիկա չգար, Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն. 22Գերեզմանը գտած ժամանակնին Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան: 23Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մադու մը` որուն ճամբան գոցուած է: Ու Աստուած արգիլեր է զանիկա ամէն կողմէն: 24Որովհետև կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ, Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին: 25Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, այն ինծի հանդիպեցաւ, Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, այն ինծի հասաւ: 26Ոչ խաղաղութիւն ունիմ, ոչ հանգստութիւն Եւ ոչ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ: (4:1-14:22)

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)