Երեմիա մարգարեյի գիրք

49

Տէրոջը դատաստանը Ամմոնին

1Ամմոնի որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Միթէ տղաքներ չունի՞. Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞. Ինչո՞ւ Մեղքոմ Գադի ժառանգ եղաւ, Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ: 2Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ. Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ, Եւ անոր գեղերը կրակով պիտի այրին. Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը: 3Ողբա, ով Եսեբոն, վասն զի Գայի կորսուեցաւ. Աղաղակեցէք, ով Ռաբբայի աղջիկներ, Քուրձեր հագէք, լացէք Ու ցանգէ ցանգ վազեցէք. Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ Իր քուրմերովը ու իշխաններովը մէկտեղ: 4Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս. Քու հովիտդ աւրեցաւ, ով ապստամբ աղջիկ, Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր, Ու կ ’ըսէիր թէ Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ: 5Ահա ես, կ’ըսէ զօրաց Տէր Եհովան, Քու վրադ վախ պիտի բերեմ Ամէն բոլորտիքդ եղողներէն, Եւ ամէն մէկը իր առջևի ճամբան երթալով` պիտի ցրուիք, Ու փախստականները ժողվող պիտի չըլլայ: 6Եւ անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն գերութիւնը Պիտի դարձնեմ` կ’ըսէ Տէրը:

Տէրոջը դատաստանը Եդովմին

7Եդովմի վրայով զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ. Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ. Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ: 8Փախէք, դարձէք, խորունկ տեղեր բնակեցէք, Ով Դեդանի բնակիչներ, Վասն զի Եսաւի կորուստը Անոր այցելութիւն ըրած ժամանակս անոր վրայ կը բերեմ: 9Եթէ քեզի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն. Եթէ գիշերով գողեր գային, Իրենց բաւական եղածին չափ պիտի յափշտակէին: 10Բայց ես Եսաւը մերկացուցի, Անոր ծածուկ տեղերը բացի, Ու անիկա պահուըտելու կարող չէ. Անոր զաւակները, անոր եղբայրները ու անոր դրացիները կորսուեցան, Եւ ինք չկայ: 11Որբերդ թող տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ. Ու քու որբրևարիներդ թող ինծի ապաւինին. 12Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա անոնք որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն. Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս. Անպատիժ պիտի չմնաս, Հապա անպատճառ պիտի խմես: 13Վասն զի իմ անձիս վրայ կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ Բօսրա ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու պիտի ըլլայ, Եւ անոր ամէն քաղաքները յաւիտենական աւերակներ պիտի ըլլան: 14Տէրոջը կողմանէ լուր լսեցի, Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է` որ կ’ըսէ, Ժողվուեցէք և անոր վրայ գացէք Ու պատերազմի ելէք: 15Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ պզտիկ Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի: 16Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին, Ով վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բլուրներուն փակչող. Թէև քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերը շինես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 17Ու Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ. Անկէ ամէն անցնողը պիտի հիանայ, Եւ անոր բոլոր հարուածներուն համար պիտի սուլէ: 18Սոդոմի ու Գոմորի և անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ մը պիտի չնստի, Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի: 19Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանին վրայ պիտի ելլէ Յորդանանու ջուրերուն յորդելէն. Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա. Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը` զոր անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ. Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի*. Եւ ո՞վ է այն հովիւը որ իմ առջևս պիտի կենայ. 20Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհած խորհուրդը Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով մտածած մտածմունքը մտիկ ըրէք. Հօտին ամէնէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք, Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւրէ: 21Անոնց իյնալուն ձայնէն կը շարժի. Անոնց աղաղակին ձայնը մինչև Կարմիր ծով կը լսուի: 22Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի, Ու իր թևերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ. Եւ այն օրը Եդովմի զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ:

Տէրոջը դատաստանը Դամասկոսի

23Դամասկոսի վրայով: Եմաթ ու Արփաթ ամչցան, Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան. Ծովուն մէջ տառապանք կայ Ու անիկա չկրնար հանդարտիլ: 24Դամասկոս տկարացաւ, Փախչելու դարձաւ, Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ. Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին: 25Ի՜նչպէս չթողուեցաւ երևելի քաղաքը, Իմ ուրախութեանս քաղաքը: 26Ուստի անոր կտիրճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան, Եւ բոլոր պատերազմական մարդիկը Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 27Ու Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Ու Բենադադի պալատները պիտի ուտէ:

Կեդարի ցեղին և Հասոր քաղաքին դատաստանը

28Կեդարու վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, զորոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ելէք, Կեդարու վրայ գացէք, Եւ արևելքի բնակիչները ջարդեցէք. 29Անոնց վրանները ու հօտերը պիտի առնեն, Անոնց վարագոյները ու բոլոր կարասիները Եւ ուղտերը իրենց համար պիտի տանին. Ու անոնց ձայն պիտի տրուի թէ Ամէն կողմանէ վախ կայ: 30Փախէք, շուտով հեռացէք, խորունկ տեղեր բնակեցէք, Ով Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Ձեզի դէմ խորհուրդ մը խորհեցաւ, Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց: 31Ելէք ու հանգստութեան և ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէք, կ’ըսէ Տէրը, Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձին կը բնակի: 32Եւ անոնց ուղտերը աւար պիտի ըլլան, Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի. Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ, Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէն պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը. 33Եւ Հասոր չագալներու բնակարան, Յաւիտենական ամայութիւն, պիտի ըլլայ. Հոն մարդ պիտի չնստի, Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի:

Տէրոջը դատաստանը Եղամին

34Յուդայի թագաւորին Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը Եղամի վրայով Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ, 35Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Եղամի աղեղը, Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը, պիտի կոտրեմ: 36Ու Եղամի վրայ երկինքի չորս կողմէն չորս հովերը պիտի բերեմ, Ու զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ. Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որու Եղամի փախստականները չերթան: 37Ու Եղամացիք իրենց թշնամիներուն առջև Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջև պիտի վախցնեմ, àõ ³ÝáÝó íñ³Û å³ïáõѳë åÇïÇ բերեմ, Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը, Եւ անոնց ետևէն սուր պիտի ղրկեմ, Մինչև զանոնք հատցնեմ: 38Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ, Եւ անկէ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 39Բայց վերջին օրերը Եղամի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)