Երեմիա մարգարեյի գիրք
48
Մովաբին կործանումը
1Մովաբի վրայով զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ Նաբաւի, վասն զի աւրուեցաւ. Կարիաթեմ ամչցաւ ու առնուեցաւ. Մասդաբ ամչցաւ ու զարհուրեցաւ: 2Մովաբ մէյմըն ալ պիտի չպարծի Եսեբոնի մէջ. Անոր վրայ չարիք խորհեցան` ըսելով, Եկէք ու զանիկա ազգ ըլլալէն կտրենք: Դուն ալ, ով Մադմէն, պիտի կտրուիս. Քու ետևէդ սուր կու գայ: 3Որոնայիմէ աղաղակի ձայն կու գայ. Աւերում ու մեծ կոտորած կայ: 4Մովաբ կոտրեցաւ. Անոր պզտիկ տղաքները աղաղակ վերցուցին: 5Քանզի Ղուիթի զառ ի վերին վրայ Մեծ լացով պիտի ելլեն. Քանզի Որոնայիմի զառ ի վայրին վրայ Թշնամիները կոտորածի աղաղակ լսեցին, 6Փախէք, ձեր անձը ազատեցէք, Եւ անապատին մէջի մոշային պէս եղէք: 7Քանզի քու գործերուդ ու գանձերուդ ապաւինելուդ համար` Դուն ալ պիտի առնուիս. Եւ Քամովս գերութեան պիտի երթայ Իր քուրմերով ու իր իշխաններով մէկտեղ: 8Եւ ամէն քաղաքի վրայ կործանողը պիտի գայ, Ու քաղաք մը պիտի չազատի. Հովիտը պիտի կորսուի ու դաշտը պիտի աւրուի, Ինչպէս Տէրը ըսաւ: 9Մովաբի թևեր տուէք որպէս զի թռչելով փախչի. Ու անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան բնակիչ չունենալով: 10Տէրոջը գործը նենգութեամբ կատարողը անիծեալ ըլլայ, Ու իր սուրը արիւնէն խնայողը անիծեալ ըլլայ:
Մովաբին քաղաքներուն կործանումը
11Մովաբ իր տղայութենէն ի վեր հանգըստութեան մէջ էր, Ու գինիի պէս իր մրուրին վրայ կը նստէր, Եւ ամանէ աման չթափուեցաւ, Ու գերութեան չգնաց. Անոր համար իր համը իր մէջ մնաց Ու հոտը չփոխուեցաւ: 12Ուստի ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ անոր փոխադրողներ պիտի ղրկեմ, Ու զանիկա պիտի փոխադրեն, Եւ անոր ամանները պիտի պարպեն, Ու տիկերը կտոր կտոր պիտի ընեն: 13Եւ Մովաբ Քամովսէ պիտի ամչնայ, Ինչպէս Իսրայէլի տունը իր ապաւինած Բեթէլէն ամչցաւ: 14Ի՞նչպէս կ’ըսէք թէ Մենք կտրիճներ ենք, Ու պատերազմի համար զօրաւոր մարդիկ ենք: 15Մովաբ աւրուեցաւ և անոր քաղաքները այրեցան, Ու անոր ընտիր երիտասարդները մորթուելու իջան, Կ’ըսէ այն Թագաւորը` որուն անունը Զօրաց Տէր է: 16Մովաբի կորուստը գալու մօտ է, Եւ անոր պատուհասը խիստ կ’արտորայ: 17Ով անոր բոլորտիքը եղողներ, ամէնդ զանիկա ողբացէք, Ու ըսէք դուք ամէնդ որ անոր անունը գիտէք, Զօրութեան գաւազանը, պարծանաց ցուպը, Ինչպէս կոտրեցաւ: 18Ով Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ, Փառքէն իջիր ու ծարաւութեան մէջ նստէ. Վասն զի Մովաբը կործանողը քու վրադ պիտի ելլէ, Եւ քու պարիսպներդ պիտի աւրէ: 19Ճամբու վրայ կայնէ ու դիտէ, Ով Արոէրի բնակիչ, Փախչողին ու ազատողին հարցուր Ու ըսէ թէ Ի՞նչ եղաւ: 20Մովաբ ամչցաւ, վասն զի կոտրեցաւ. Հեծէ ու աղաղակէ. Մովաբի աւրուիլը Առնոնի մէջ պատմեցէք: 21Եւ դաշտային երկրին վրայ` Քօղօնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան եկաւ, 22Նաև Դեբոնի վրայ, Նաբաւի վրայ, Բեթդէբլաթեմի վրայ, 23Ու Կարիաթեմի վրայ, և Բեթգամովղի վրայ, ու Բեթմաւոնի վրայ, 24Եւ Կարիօթի վրայ, ու Բօսրայի վրայ, Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ, Թէ՛ հեռաւոր և թէ՛ մօտաւոր: 25Մովաբի եղջիւրը կտրուեցաւ, Ու բազուկը կոտրեցաւ` կ’ըսէ Տէրը:
Մովաբին քաղաքները պիտի կործանին
26Զանիկա գինովցուցէք, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ, Ու Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի, Եւ ինք ալ ծաղր ըլլայ: 27Միթէ Իսրայէլ քեզի ծաղր չեղա՞ւ. Անիկա գողերո՞ւ մէջ գտնուեցաւ, Որ դուն քանի որ անոր վրայով կը խօսէիր` գլուխ կը շարժէիր: 28Ով Մովաբի բնակիչներ, Քաղաքները թողուցէք, վէմերու մէջ բնակեցէք, Ու փոսի բերնին քովերը իր բոյնը շինող աղաւնիին պէս եղէք: 29Մովաբի ամբարտաւանութիւնը լսեցինք. Անիկա խիստ ամբարտաւան է. Անոր հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, գոռոզութիւնը Ու սրտին բարձրութիւնը լսեցինք: 30Ես անոր սրտմտութիւնը գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, Բայց պարապ է. Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ պիտի ելլեն: 31Ուստի Մովաբի համար պիտի ողբամ, Ու բոլոր Մովաբի համար պիտի աղաղակեմ. Կիրհարէսի մարդոցը համար սուգ պիտի բռնուի: 32Ով Սեբամայի որթ, քու վրադ Յազերի լացովը պիտի լամ. Քու շառաւիղներդ ծովէն անցնելով` Մինչև Յազերի ծովը հասեր էին. Քու ամառնային պտուղիդ վրայ և այգեկութիդ վրայ աւարառու ինկաւ: 33Ու պտղաբեր արտերէն և Մովաբի երկրէն Ուրախութիւնը ու ցնծութիւնը պիտի վերնայ. Ու հնձաններէն գինին դադրեցուցի. Ցնծութեամբ խաղող պիտի չկոխուի, Ու ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի: 34Եսեբոնի աղաղակէն մինչև Եղէազէ, Մինչև Յասսա իրենց ձայնը տուին, Երեք տարեկան երինջի պէս, Սեգովրէ մինչև Որոնայիմ. Քանզի Նեմերիմի ջուրերը անգամ կ’աւրուին: 35Եւ Մովաբէ բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը, Ու իր աստուածներուն խունկ ծխողը Պիտի վերցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 36Այս պատճառաւ իմ սիրտս Մովաբի համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ. Ու Կիրհարէսի մարդոցը համար իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ, Վասն զի անոնց ստացած հարստութիւնը կորսուեցաւ: 37Քանզի ամէն գլուխ կնտակ պիտի ըլլայ, Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի. Ու ամէն ձեռքերու վրայ կտրածներ պիտի ըլլան, Եւ ամէն մէջքերու վրայ քուրձ պիտի ըլլայ. 38Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ Ու անոր փողոցներուն մէջ բոլորովին կոծ պիտի ըլլայ, Վասն զի Մովաբը կոտրեցի այնպիսի ամանի մը պէս Որու մէ՛կը չհաճիր, կ’ըսէ Տէրը: 39Ի՜նչպէս կոտրեցաւ Մովաբ, Ու ի՜նչպէս ամօթով կռնակ դարձուց` ըսելով պիտի ողբան. Ու Մովաբ ամէն իր բոլոտիքը եղողներուն` Խայտառակութեան ու սոսկումի պատճառ պիտի ըլլայ:
Մովաբին ազատում չկայ
40Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա թշնամին արծիւի պէս պիտի թռչի, Ու իր թևերը Մովաբի վրայ պիտի տարածէ: 41Քաղաքները կ’առնուին* Եւ բերդերը կը նուաճին, Ու այն օրը Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ: 42Եւ Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէն պիտի կորսուի, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ: 43Ով Մովաբի բնակիչ, Քու վրադ վախ, գուբ ու որոգայթ պիտի ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը: 44Վախէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ. Եւ գուբէն ելլողը որոգայթի մէջ պիտի բռնուի. Քանզի անոր վրայ, Մովաբի վրայ, Անոնց այցելութեան տարին պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը: 45Ուժէն փախչողները Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան. Բայց Եսեբոնէ կրակ` Ու Սեհոնի մէջէն բոց ելաւ, Եւ Մովաբի ծայրը Ու աղաղակողներուն գագաթը կերաւ: 46Վա՜յ քեզ, Մովաբ, Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ. Քանզի քու տղաքներդ գերի առնուեցան Ու աղջիկներդ գերութեան գացին: 47Բայց վերջին օրերը Մովաբի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը: Մովաբի դատաստանը մինչև հոս է: