Երեմիա մարգարեյի գիրք
47
Փղշտացիներուն կործանումը
1Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացւոց վրայով` դեռ Փարաւոն Գազան չզարկած: 2Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա հիւսիսէն ջուրեր կ’ելլեն, Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան, Ու երկիրը և անոր լիութիւնը, Քաղաքը ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն. Եւ մարդիկ պիտի աղաղակէն, Ու երկրին բոլոր բնակիչները պիտի մոռնան: 3Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն, Անոր կառքերուն շաչիւնէն Ու անիւներուն շառաչիւնէն` Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար, 4Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու, Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի Բոլոր մնացած օգնականները կոտրելու եկող օրուանը պատճառաւ. Քանզի Տէրը Փղշտացիները, Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ: 5Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ, Ասկաղոն իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ. Մինչև ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես: 6Ով Տէրոջը սուրը, Մինչև ե՞րբ հանդարտ չես կենար. Քու պատեանդ դարձիր, Հանգչէ ու լռէ: 7Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ. Վասն զի Տէրը անոր հրաման տուեր է Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ, ԳԼՈՒԽ ԽԸ - 48